Հայաստանի ռուսամէտ նախագահը պիտի շարունակէ մնալ իշխանութեան ղեկին, քանի որ անոր կուսակցութիւնը ամենաշատ ձայները հաւաքած է ընտրութիւններուն: Այս մասին ըստ 1in.am-ի՝ կը գրէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ» (Financial Times) թերթը՝ անդրադառնալով Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն:
«97 տոկոս ընտրատեղամասերու ձայներու հաշուարկէն ետք Սերժ Սարգսեանի Հանրապետական կուսակցութիւնը հաւաքած է ձայներուն 49.9 տոկոսը Կիրակի կայացած ընտրութիւններուն: Ընդդիմադիր դաշինքներէն մէկը («Ծառուկեան» դաշինքը-Խմբ.) հաւաքած է 27.9 տոկոս», կ՛ըսուի յօդուածին մէջ:
Պարբերականը կը յիշեցնէ 2015ի հանրաքուէին մասին, որուն իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստան անցում կատարեց խորհրդարանական կառավարման ձեւին. չի բացառուիր, որ Սերժ Սարգսեան 2018ին դառնայ Հայաստանի վարչապետ:
Սարգսեանի քաղաքական հակառակորդները կ՛ըսեն, որ բարեփոխումները ձեռնարկուած են, որպէսզի 62ամեայ նախագահը կարենայ պահել իշխանութիւնը երկրորդ տասնամեակի մը համար, ինչ որ կարելի է, դերի փոփոխութեամբ՝ վարչապետ դառնայ կա՛մ, յետին ծրագիրով մը՝ իշխանութեան միջոցով մնայ կուսակցութեան առաջնորդ:
Վերջին տարիներուն, Հայաստան միջոցներ կը ձեռնարկէ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւնները խորացնելու համար, նոյն ժամանակ երկիրը կը հիմնուի Մոսկուայի ֆինանսական օգնութեան, ներդրումներու, Ռուսիոյ հետ առեւտուրին վրայ: Հայաստան, որ ելք չունի դէպի ծով, տուժած է Ռուսիոյ տնտեսութեան անկման պատճառով. անցեալ տարի Հայաստանի ՀՆԱն կրճատուած է 0.2 տոկոսով:
Յօդուածագիրը կը նշէ նաեւ, որ Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը, որ համաձայնական կառավարութեան մէջ է գործող իշխանութիւններուն հետ, կրկին հնարաւորութիւն ստացած է մտնելու խորհրդարան: Եթէ երկու կուսակցութիւնները համաձայնին շարունակել համագործակցութիւնը, ինչ որ, ըստ ամենայնի, հնարաւոր է, Սարգսեան վարչապետ դառնալու իրաւունք կ՛ունենայ:
Յօդուածագիրը, վկայակոչելով Transparency International իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը, կը գրէ, որ ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած է աւելի քան 2000 խախտում:
«Եւրոմիութիւնը ֆինանսական եւ արհեստագիտական աջակցութիւն առաջարկած էր Կիրակի օրը կայանալիք ընտրութիւններուն համար. Երեւանի մէջ միութեան ներկայացուցիչները անցեալ շաբաթ նախազգուշացուցած էին ընտրողները ահաբեկելու, կաշառելու, որոշ կուսակցութիւններու աջակցելու նպատակով վարչական ուժերը կիրառելու մասին», կը գրէ յօդուածագիրը:
Աւարտին, «Ֆայնենշըլ Թայմզ»ը կը յիշեցնէ 2016ին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն մասին եւ, վկայակոչելով Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութեան զեկոյցը, կը գրէ, որ խաղաղ ցուցարարներուն դէմ կիրառուած է անհամաչափ ուժ, եւ յարձակումներ տեղի ունեցած են նոյնիսկ լրագրողներու վրայ, իսկ ցոյցերու առաջնորդներուն եւ մասնակիցներու դէմ անհիմն քրէական մեղադրանքներ առաջադրուած են: