ԱՄՄԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Յորդանանի մէջ Մարտ 29ին գումարուած Արաբական լիկայի 28րդ վեհաժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ պաղեստինեւիսրայէլեան խաղաղութեան բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին «երկու պետութիւններ»ու սկզբունքին հիման վրայ, պայմանով, որ ամբողջական կերպով վերջ գտնէ պաղեստինեան եւ արաբական հողերու բռնագրաւումը:
Արաբական վեհաժողովը նաեւ պետութիւններուն կոչ ուղղեց իրենց դեսպանատուները չփոխադրելու Երուսաղէմ, առանց նշելու անունը Միացեալ Նահանգներուն, որ մտադիր է այդ քայլին դիմել:
Արաբական վեհաժողովը ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապը զինուորական լուծում չունի եւ անոր միակ լուծումը քաղաքական է՝ շեշտը դնելով Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան սկզբունքին ու ահաբեկչութեան վնասազերծման կարեւորութեան վրայ:
Հաղորդագրութիւնը վերահաստատեց, որ «ահաբեկչութիւնը կարելի չէ կապել որեւէ կրօնքի», եւ պէտք է ամրապնդել ժողովուրդներուն ու կրօններուն միջեւ երկխօսութիւնը, հանդուրժողականութիւնն ու փոխադարձ հասկացողութիւնը: