ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կլենտէյլի ընտրութիւններուն ժամանակն է կրկի՛ն: Ապրիլ 4ին, հայահոծ բնակչութիւն ունեցող այս շրջանին մէջ մեր ինքնուրոյն դրոշմը դնելու մարտահրաւէրին առջեւ կանգնած ենք դարձեա՛լ:
Երեք աթոռի համար, ոչ-հայ թեկնածուներու կողքին ընտրապայքար կը մղեն չորս հայեր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ հայկական քուէները կը դիմագրաւեն ցրուելու վտանգը՝ խնդրոյ առարկայ դարձնելով բոլորին ընտրութիւնը:
Անդրադառնալով, որ երեք հայ թեկնածուներու վրայ կեդրոնանալը կրնայ անտեղի բարդ իրավիճակ ստեղծել, կը թելադրենք հայ քուէարկողներուն անպայմա՛ն քուէարկել Զարեհ Սինանեանի եւ Արա Նաճարեանի օգտին՝ երրորդ թեկնածուն թողնելով ձեր նախընտրութեան: Այս ձեւով, առնուազն իրենց գործով ու վաստակով հայ եւ օտար շրջանակներու յարգանքը շահած Սինանեանի ու Նաճարեանի յաջողութիւնը երաշխաւորուած կ՛ըլլայ:
Այս երկու թեկնածուները կը վայելեն Հայ Դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը:
Հայ Դատի Կլենտէյլի եւ Լա Քրեսենթայի յանձնախումբերը նաեւ զօրավիգ կը կանգնին Կլենտէյլ քաղաքի հետեւեալ թեկնածուներուն.
Գլխաւոր գրագիրի պաշտօնին՝ Արտաշէս Քասախեանին
Գանձապետի պաշտօնին՝ Ռաֆֆի Մանուկեանին
– Միացեալ Կրթական շրջաններուն համար՝
Կրէկ Գրիգորեանին (B շրջան)
Արմինա Կարպետեանին (C շրջան)
Շանթ Սահակեանին (D շրջան)
– Համայնքային քոլեճի Խնամակալ մարմինի անդամութեան համար՝
Էն Հէյզըլ Ռենսֆըրտին (թիւ 2 տարածք)
Արմինէ Յակոբեանին (թիւ 3 տարածք)
Իվեթ Վարդանեան-Տէյվիսին (թիւ 4 տարածք)
Այս թեկնածուներուն կողքին, կը թելադրենք քուէարկել Հայ Դատի յանձնախումբին զօրակցութիւնը վայելող «L» առաջարկութեան, որ վաւերացուելու պարագային, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն ընտրութիւնը պիտի սահմանափակուի երեք շրջանով: Ներկայիս, նման սահմանափակում չկայ եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամները կրնան անընդհատ վերընտրուիլ: Առաջարկութիւնը քուէարկութեան դրուած է նոյն ինքն Քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ:
Ասոնք են Հայ Դատի եւ «Ասպարէզ»ի զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուները: Ասոնք են մեր հաւաքական զգայնութիւններուն հետ հաղորդ թեկնածուները:
Կը յորդորենք մեր համայնքի զաւակները անպայմա՛ն մասնակցելու քուէարկութեան եւ քուէարկելու վերոնշեալ թեկնածուներուն օգտին: