ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեան Ուրբաթ, 24 Մարտին, ընդունած է Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Իպրահիմ Ռահիմփուրը եւ անոր հետ քննարկած է Եւրասիական տնտեսական միութիւն (ԵՏՄ)-Իրան համագործակցութեան հետ կապուած հարցեր:
Իպրահիմ Ռահիմփուր Նալբանդեանին փոխանցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ճաւատ Զարիֆի ողջոյնները:
Կողմերը անդրադարձած են անցեալ տարեվերջին Իրանի նախագահին Հայաստան այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին: Ռահիմփուր ընդգծած է, որ 2016ի Իրանի նախագահին, առաջին փոխնախագահին եւ շարք մը նախարարներու այցելութիւնները Հայաստան կը վկայեն այն կարեւորութիւնը, որ Իրանը կու տայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն: Նալբանդեան Ռահիմփուրի հետ քննարկած է երկկողմ օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ մը: Երկու կողմերը շեշտած են առեւտրատնտեսական ոլորտէն ներս համագործակցութեան առաւել սերտացման ուղղուած շարունակական ջանքերու կարեւորութիւնը: Հանդիպման օրակարգին վրայ էին ԵՏՄ-Իրան համագործակցութեան հետ կապուած հարցեր: