ՊԵՎԸՐԼԻ ՀԻԼԶ.- Աւանդութիւնը յարգելով, մեր համայնքի ազգային կառոյցներուն թիկունք կանգնած հայորդիները անցեալ Կիրակի, 18 Մարտին հաւաքուած էին «Պեվըրլի Հիլզ» պանդոկի սրահը, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու բազմաթիւ միութիւններու եւ կազմակերպութեանց հովանաւոր, համայնքային կեանքի գլխաւոր մղիչ ուժերէն մէկը հանդիսացող Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան:
Ընդունելութեան պահէն մինչեւ ճաշկերոյթի աւարտը, երեկոյի մթնոլորտը մնաց ջերմ՝ շնորհիւ ներկայ 350 հայորդիներու անմիջականութեամբ յագեցած միջավայրին: Իսկ ձեռնարկի նիւթական յաջողութիւնը կարելի է գնահատել իր ապահոված հասոյթով՝ շուրջ 425,000 տոլար:
Ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւորներն էին Սարգիս եւ Նունէ Սէփէթճեանները, որոնք տակաւին քանի մը ամիս առաջ ստանձնած էին նաեւ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի Սուրբ Ծննդեան տարեկան մեծ ճաշկերոյթի հովանաւորութիւնը:
Երեկոյի պաշտօնական բաժինը բացուեցաւ Թուխման Խաչատուրեանի կողմէ կատարուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներով:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան օրհնեց ներկաները եւ գնահատեց անոնց առատաձեռն մասնակցութիւնը համայնքի կազմակերպութիւններու նիւթական կարիքները հոգալու հանգանակութեանց:
Բացման խօսքերով հանդէս եկան Լալէ Բագրատունի (հայերէնով) եւ Րաֆֆի Ուրֆալի (անգլերէնով): Երկու երիտասարդներն ալ իրենց անձնական վկայութիւնը բերին Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան եւ անոր հովանիին տակ գործող միութեանց մէջ իրենց ձեռք ձգած փորձառութիւններուն մասին, որոնք հարստացուցած են իրենց կեանքը, ընդլայնած իրենց մտահորիզոնը:
Ձեռնարկի հանդիսավարն էր իրաւաբան Կեւիկ Պաղտասարեան, որ հակառակ իր երիտասարդ տարիքին, արդէն իսկ համայնքին մէջ տիրական ներկայութիւն ըլլալու յայտ ներկայացուցած է: Պաղտասարեան մեծապէս գնահատեց Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը՝ հայ մշակոյթն ու կրթութիւնը սատարելու եւ հայ երիտասարդութիւնը հայկական իրականութեան մէջ ներգրաւելու արդիւնաւէտ աշխատանքին համար:
Ապա ան բեմ հրաւիրենց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանը, որուն խօսքը կրնաք կարդալ մեր այսօրուան թիւին մէջ (էջ 3):
Հանդիսավար Կեւիկ Պաղտասարեան ապա բեմ հրաւիրեց Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան նախագահ Աւետիք Իզմիրլեանը, որուն խօսքը եւս կը հրատարակենք առանձին (տես էջ 3):
Իզմիրլեան շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոն կազմակերպող յանձնախումբի անդամներուն՝ գլխաւորութեամբ Էլօ Պօյաճեանի (որ իր կարգին ձեռնարկի ընթացքին ողջունած էր ներկաները):
Իզմիրլեան իր պատգամը աւարտեց՝ շնորհակալութեան խօսքերով. «Շնորհակալութեան մեր առանձին խօսքը կը յայտնենք տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն, տէր եւ տիկին Վահէ եւ Վերոնիքա Կարապետեաններուն, ինչպէս նաեւ տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Միրնա Քաջարեաններուն:
Յատուկ շնորհակալութեան խօսք կը յայտնենք տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Ալինէ Քրաճեաններուն, իրենց շօշափելի նուիրատուութեան համար:
Նաեւ կ՛ուզե՛նք յիշել անցեալ տարուան մեր ձեռնարկին մեծարուած տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեանները, որոնց նուիրատուութեան շնորհիւ տակաւին 9 ամիս առաջ բացումը կատարեցինք մեր Գիւմրիի Երիտասարդական կեդրոնին:
Շնորհակալութեան խօսք նաեւ տէր եւ տիկին Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեաններուն, որոնց նուիրատուութեան շնորհիւ տակաւին վերջերս բացումը կատարեցինք Ֆրեզնոյի վերանորոգուած Հայ կեդրոնին:
Երախտագիտութեան առանձին խօսք ունինք տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեփեթճեաններուն՝ ձեռնարկի հիւրընկալութեան բոլոր ծախսերը յանձն առնենլուն համար:
Սիրելի Սարգիս եւ Նունէ, ձեր մշտական նուիրաբերումը իւրայատուկ երեւոյթ է, որուն համար ընդունեցէք մեր կրկնակի շնորհակալութիւնը եւ յաջողութեան բարեմաղթութիւնները»:
Ապա Իզմիրլեան բեմ հրաւիրեց երեկոյի գլխաւոր մեծարեալ Յակոբ Պաղտասարեանը՝ իր տիկնոջ՝ Հիլտային հետ:
Մենք կը պատուենք այս մեծ հայորդին իր բազմաբեղուն հասարակական գործունէութեան, մեր ազգային կառոյցներուն ցուցաբերած նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեան, Արցախի, Հայաստանի եւ Լոս Անճելըսի մէջ բազմաթիւ բարեգործութիւններուն համար, որոնք զինք արժանացուցած են ոչ միայն մեր գաղութին, այլ նաեւ համահայկական կառոյցներու եւ պետական բարձր գնահատանքին ու յարգանքին: Մեզի համար պատիւ է Յակոբ Պաղտասարեանի նման անձնաւորութիւն մը մեր մեծ ընտանիքին մէջ ունենալը: Իսկական տիպար հայ մը, որուն նուիրումի օրինակը կը շարունակուի իր զաւակներուն կողմէ», յայտարարեց Իզմիրլեան՝ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան կողմէ մեծարումի յուշատախտակ մը յանձնելով Յակոբ Պաղտասարեանին:
Նշենք, որ երեկոյի գեղարուեստական ծրագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայբերդ Սարեան՝ Անդրանիկ Քիզիրեանի ընկերակցութեամբ, Ճոզէֆ Գրիգորեան, Արմինկան եւ «Այ.Էս.Էմ.» սենեկային նուագախումբը: