ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ուրբաթ, 17 Մարտի երեկոյեան, Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատան, տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967). Կեանքի Մը Երաժշտացումը» խորագիրով գիրքին շնորհահանդէսը:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի նախկին տնօրէն եւ ջութակի ուսուցիչ Աշոտ Ճենտերէճեանին: Անդրադառնալով հանդիսութեան նպատակին՝ Թամար Սնապեան-Սուրճեան ըսաւ, որ վարչութիւնը կը միտի յարգանքի տուրք մատուցել հայ երգարուեստի երկնակամարին վրայ իր անջնջելի դրոշմը ձգած մեծանուն Բարսեղ Կանաչեանին՝ անոր մահուան 50ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ լոյս սփռել «Բարսեղ Կանաչեան. Կեանքի Մը Երաժշտացումը» գիրքին վրայ:
Ապա «Բ. Կանաչեան» քոլեճի ուսուցիչ, սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան կատարեց «Ալվարդի երազը» եւ «Օրօր» ստեղծագործութիւնները՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ դարձեալ քոլեճի ուսուցիչ Յասմիկ Գասպարեանի:
Համազգայինի անունով խօսք առաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան, որ համապարփակ կերպով ներկայացուց Բարսեղ Կանաչեան մարդը՝ սփիւռքահայ երաժիշտն ու յօրինողը, նաեւ՝ Բարսեղ Կանաչեան երաժիշտը՝ Ցեղասպանութենէն վերապրածներու ու անոնց զաւակներուն հոգեմտաւոր արժէքներու դաստիարակը եւ հայ ինքնութեան պաշտպան ուսուցիչը:
«Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէնը անդրադարձաւ նաեւ Բարսեղ Կանաչեանի հարուստ աւանդին՝ շուրջ 30 խմբերգներ, 10 մեներգներ, օփերա մը, «Յառաջ Նահատակ»ի հեղինակութիւն եւ «Մեր Հայրենիք»ի դաշնաւորում, նաեւ դաշնաւորում լիբանանեան եւ սուրիական քայլերգներու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ժողովրդային երգերու: Արուեստագէտ ըլլալու հանգամանքին կողքին, ըլլալով դաստիարակ, ան 20 մանկական երգեր յօրինեց, որովհետեւ քաջ գիտէր, որ «Ցեղասպանութեան ծրագիրի խաղաղ դիմադրութեան եւ հայ ինքնութեան պաշտպանութեան համար կենսական է նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութիւնը: Իսկ այդ ինքնութիւնը միայն լեզուն ու պատմութիւնը չէ, այլ նաեւ երաժշտութիւնը: Ուստի մեծ կարեւորութիւն ընծայեց նոր սերունդի երաժշտական դաստիարակութեան», եզրափակեց Էմմիեան:
Անկէ ետք «Բ. Կանաչեան» քոլեճի կիթառի ուսուցիչ Մկրտիչ Միքայէլեան ներկայացուց իր մշակումով «Օրօր»ը:
Գիրքը ներկայացուց զայն աշխատասիրած դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ գիրքին ծնունդի գաղափարին, բովանդակութեան, տպագրութեան հոլովոյթին, նպատակին, ապա այս աշխատանքին վերաբերող իր մտորումները կիսեց ներկաներուն հետ: Ան դիտել տուաւ, որ Սեդա Կանաչեան-Թիւյսիւզեանի տրուած այցելութեան մը ընթացքին իր մէջ մղում յառաջացած է Կոմիտասի աշակերտին, տասնամեակներ շարունակ հայ երգը վառ պահած Բարսեղ Կանաչեանի մասին իր տեղեկութիւնները թարմացնելու, իսկ երբ գտած է անոր նուիրուած գիրք մը, նկատած է, որ խօսուածներն ու իր գիտցածները չէին համապատասխաներ գիրքին մէջ տեղ գտածին, նաեւ՝ գիրքը շատ պակասաւոր էր: Ասիկա եղած է մեկնակէտը իրականութիւններն ու Կանաչեանի գործունէութեան աւելի համապարփակ կերպով լոյսին բերելու միտումով կատարուած հսկայ աշխատանքի մը, որ կ՛ընդգրկէ պրպտումներ տարբեր գրադարաններու մէջ, հարցազրոյցներ, յուշեր, մամուլի արձագանգներ, վերլուծումներ, «Գուսան»ի ելոյթներուն վերաբերող թղթակցութիւններ եւ այլն:
Մանրամասնօրէն իր տարած երկամեայ աշխատութիւններուն մասին խօսելէ ետք՝ դոկտ. Տագէսեան հաստատեց, որ տակաւին տարուելիք գործ կայ, «որովհետեւ կարելի չէ 82 տարուան փոթորկալից եւ բեղուն կեանք մը խտացնել որեւէ գիրքի մէջ»:
Իր խօսքի աւարտին Անդրանիկ Տագէսեան հաստատեց, որ այս գիրքի ծնունդին մէջ իրենց դերակատարութիւնը ունեցած են Սեդա Կանաչեան, տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեան, ինչպէս նաեւ գրադարաններ, անհատներ, որոնք իր պրպտումներուն յագուրդ տուած են, նաեւ՝ Համազգայինի տպարանին անձնակազմը:
Տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեան ընթերցեց այս առիթով Բ. Կանաչեանի դստեր, վերջնականապէս Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Սեդա Կանաչեան-Թիւյսիւզեանի սրտի խօսքը, որուն մէջ ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին, որ այդքան մեծ պրպտումներ եւ պեղումներ կատարած է՝ Կանաչեանի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերող:
Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի խօսքով, որուն մէջ սրբազանը վերյիշեց դպրեվանքի իր առաջին օրը, երբ երաժշտութեամբ ողողուած էին դպրեվանքի սրահները. օրին իրենց ուսուցիչը՝ Գէորգ Գանտահարեան բացատրած էր, որ այդ երաժշտութիւնը Բարսեղ Կանաչեանի «Նանոր»ին պատմութիւնը կը ներկայացնէր: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ անկէ ետք ծանօթացան Կանաչեանի, սիրեցին զայն եւ հպարտացան անով:
Ան գնահատեց մեծերուն կեանքը պեղողները, զայն հանրութեան մատչելի դարձնողները, հանդիսութեան կազմակերպիչները՝ աւելցնելով, որ ասիկա խիղճի պարտք է Բարսեղ Կանաչեանին ու անոր վաստակին:
Ձեռնարկէն ետք դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան մակագրեց «Բարսեղ Կանաչեան. Կեանքի մը Երաժշտացումը» գիրքը, որուն պատրաստութեան եւ հրատարակութեան աշխատանքները կատարուեցան Համազգային «Վահէ Սէթեան» տպարանին մէջ: