ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Միացեալ Նահանգներու Ազգային ազգագրական կազմակերպութիւններու համախմբումը հրապարակած է 2017ի «Էլիս Այլընտ» պատուոյ շքանշանի արժանացողներուն անունները, որոնց մէջ կան նաեւ խումբ մը հայեր: Հրապարակուած պաշտօնական ցանկին մէջ մեր ուշադրութենէն վրիպած էր Գուրգէն Եդուարդ Պերքսանլարի անունը։ Արդարեւ, Մայիսին, Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք արարողութեան ընթացքին, Պերքսանլար եւս պիտի ստանայ շքանշանը՝ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան, Վեն Նայսի Ս. Պետրոս Հայց. եկեղեցւոյ, ՀԲԸՄի եւ այլ կազմակերպութիւններու միջոցաւ իր կատարած սպասարկութիւններուն համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Sireli Kourken,
We are so happy and proud of you!
Shnorhavourmner!
We miss you ! Best regards to your family!
Sirov,Jirair Sona Simonian