ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ազատութիւն».- Մարտ 21ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Մամլոյ ազգային ակումբին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Թուրքիա եւ Ռուսիա վերականգնած են իրենց յարաբերութիւնները ու այժմ կ՛աշխատին տարածաշրջանային խնդիրներու կարգաւորման ուղղութեամբ։
Չաւուշօղլու իբրեւ գործակցութեան օրինակ բերած է Սուրիոյ եւ Արցախի տագնապներուն լուծման նպատակով տարուող միացեալ ջանքերը։
Ան աւելցուցած է, որ Անգարա կը շարունակէ սատարել «Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան»: