ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Արցախ ժամանեցին Պելճիքայի Թագաւորութեան դաշնակցային եւ Պրիւքսէլի շրջանային խորհրդարաններու պատգամաւորներ Անտրէ տը Պիւս տը Վարնաֆ, Էմանուէլ տը Պոք եւ Փիեռ Քոմփանի:
21 Մարտին կայացաւ պատգամաւորներու մամլոյ ասուլիսը:
«Մեզի համար հետաքրքական է գալ եւ բացայայտել արցախեան իրականութիւնը», նշեց Անտրէ տը Պիւս տը Վարնաֆ եւ աւելցուցած, որ իրենց գործընկերներն ալ աւելի կը հետաքրքուին Արցախով, երբ անոնց կը բացատրեն, որ Արցախը երկիր մըն է, ուր կայ իրական ժողովրդավարութիւն, մարդիկ կը պայքարին իրական արժէքներու համար, կայ միտքի, գործելու, խօսքի ազատութիւն եւ այլն: Վալոնիա-Պրիւքսել դաշնակցային խորհրդարանի անդամը արդէն երրորդ անգամն է որ Արցախ կ՛այցելէ եւ հաճոյքով կը նկատէ, որ մեծ արագութեամբ երկիրը կը զարգանայ:
«Մեր այցին նպատակը ոչ միայն Արցախը բացայայտելն է, այլ նաեւ փարաբերութեան եւ համագործակցութեան եզրեր գտնելը, յատկապէս առողջապահութեան ապահովագրութեան, մշակութային եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներու մէջ», ընդգծեց Վարնաֆ:
Փիեռ Քոմփանի, որ առաջին անգամն ըլլալով Արցախ կը գտնուի, իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին հասկցաւ, որ Արցախի մէջ ապրողները անջատողականներ չեն, անոնց պայքարը արժէքներու համար է: Ցաւօք, ազատութիւնը կը ստիպէ գին վճարելու, թէեւ անիկա անգին է: «Ձեր ընտանիքները, վստահ եմ, վճարած են այդ սուղ գինը, որպէսզի դուք պայքարիք ժողովրդավարութեան եւ ձեր ժողովուրդին հետ միանալու համար», յայտնեց Պրիւքսելի շրջանային խորհրդարանի անդամը, որ զարմացաւ ներկայ իրավիճակին մէջ մարդոց հանգստութեան եւ կեանքի նկատմամբ սիրոյ նկատմամբ:
Պելճիքայի Թագաւորութեան Վալոնիա-Պրիւքսէլ դաշնակցային խորհրդարանի պատգամաւոր Էմանուէլ տը Պոք նշած է, որ իրենք կը հասկնան, թէ Արցախի մէջ որքան դժուար պայմաններու մէջ են ժողովրդավարական արժէքները պահպանելն ու զարգացնելը:
«Առաջին անգամ Արցախ կը գտնուիմ. ես այստեղ բացայայտեցի ամէն ինչ: Որոշ արժէքներու իմաստը սկսած եմ նոր հասկնալու. այդ արժէքները մեր մօտ հասանելի ու հաստատուած են, իսկ այստեղ ատոնք կրնան վտանգուած ըլլալ: Մենք այսօր չենք կրնար չհետաքրքրուիլ Արցախի խնդիրով, չէ որ վաղը նոյն խնդիրը մենք ալ կրնանք ունենալ: Ես կը հասկնամ, թէ իսկապէս որքան դժուար է նման իրավիճակի մէջ պահպանել ժողովրդավարութիւնը: Ժողովրդական արժէքներ հաստատելու, պահպանելու եւ զարգացնելու գործընթացին մէջ մենք միշտ Արցախի կողքին պիտի ըլլանք», ըսաւ Պոք:
Մինչ այդ, պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած էր Արցախի Հանրապետութեան նախագահին, Ազգային ժողովի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ: Բացի պաշտօնական հանդիպումներէն, կը նախատեսուին հանդիպումներ նաեւ ժողովուրդի տարբեր խաւերու հետ:
Պատգամաւորներուն կ՛ուղեկցին ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախմբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ յանձնախումբի քաղաքական հարցերով պատասխանատու Հեղինէ Էւրիեան: