ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու սահմանադրական փոփոխութեանց հանրաքուէի ընտրարշաւին ընթացքին այցելած է Տենիզլի, որուն Չարտաք գիւղաքաղաքի սրճարաններէն մէկուն մէջ զրոյց ունեցած է տեղացիներու հետ։ Տեղացիներէն մէկը անակնկալ հարցում մը ուղղած է Քըլըճտարօղլուին՝ ուզելով գիտնալ, թէ Գերմանիոյ մէջ Քըլըճտարօղլու ինչո՞ւ սեղմած էր ձեռքը Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիրին, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Քըլըճտարօղլու պատասխանած է, որ ատիկա շատոնց տեղի ունեցած դէպք է, իսկ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք՝ ինք Էօզտեմիրին հետ կապ չէ ունեցած։ «Չեմ հասկնա՛ր. ինչո՞ւ, ի՞նչ նպատակով այս հարցումը կ՛ուղղէք ինծի», աւելցուցած է Քըլըճտարօղլու։ Մամուլը կը հաղորդէ, որ տեղացիները այդ հարցումէն ետք սրճարանէն դուրս հանած են հարցում ուղղողը, որուն անունը չէ հրապարակուած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.