ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ.- Վերրջին շրջանին յաճախ կը տեսնենք հայ երեխաներ եւ մեծահասակներ տարբեր երկիրներու «Ձայնը» նախագիծին ծիրին մէջ:
Այս անգամ Սպանիոյ մէջ ենք: «Սպանիոյ ձայն 3» (La Voz Kids 3) նախագիծին մասնակցած է նաեւ մեր հայրենակիցը՝ 13ամեայ Հայկ Արսէնեան:
Հայկը ծնած է Սպանիոյ Պարսելոնա, 2004ին: 2016էն ի վեր կը յաճախէ Ս. Լուիսի միջնակարգ դպրոցը:
Դեռ մանուկ տարիքէն անոր մօտ նկատած են սէր երաժշտութեան հանդէպ: 6 տարեկանէն սկսած է յաճախելու Պարսելոնայի «Միւզիքարտ 102» երաժշտական դպրոցի ջութակի բաժինը, իսկ երկու տարի անց հետեւած է նոյն դպրոցի ձայնամարզութեան դասերուն:
Հայկի երաժշտական տաղանդը դրսեւորուած է փոքր տարիքէն: Իբրեւ մենակատար ան մասնակցած է Ճոն Ճեքոպզ եւ Մաք Հուֆի «Այսօր Շաբաթ Է» համանուն երաժշտութեան Քաթալոներէն թարգմանութեամբ անդրանիկ ելոյթին:
2016ին երաժշտական դպրոցը աւարտելէ ետք Հայկ ընդունուած է Պարսելոնայի պետական ե-րաժշտանոցի ջութակի բաժինը, ուր կ՛ուսանի մինչեւ օրս: Անոր հետ կ՛աշխատին յայտնի մասնագէտներ Լայա Փորատ եւ Հայաստանի ճազի պետական դպրոցի ձայնամարզ Լիլիթ Պապոյեան:
Ան հանդէս եկած է անհատական կատարումներով Պարսելոնայի «Պարց» թատրունին մէջ տեղի ունեցած «Ֆեմ Ճազ» համերգին:
Հայկը իր ելոյթներով կը փայլի նաեւ «Սպանիոյ ձայնը 3» նախագիծին մէջ, ուր իր տաղանդը կը յայտնաբերուի կազմակերպիչներուն կողմէ: Անոր հետ կը համագործակցին աշխարհահռչակ ձայնամարզ Հոսէ Մարիա Սեփուլվետիա եւ հանրայայտ երգիչ, բազմաթիւ փլաթինէ եւ ադամանդէ սկաւառակի դափնեկիր, «World Music Awards»ի եւ «Լաւագոյն լաթինօ երգի»չ անուանակարգին մէջ «Կրեմմ»ի մրցանակակիր Տաւիտ Փիսփալ: