ՊՐԻՒՔՍԵԼ, «ՓանԱրմինիըն».- Անցեալ 15 տարիներուն ընթաքին Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Հայաստանի քաղաքացիներէն 2000 հայցադիմում ստացած է ընդդէմ Հայաստանի կառավարութեան: Այս դիմումներուն հիման վրայ Եւրոպական դատարանը ընդհանուր 15 միլիոն եուրոյի տուգանքներ սահմանած է Հայաստանի կառավարութեան դէմ:
ՄԻԵԴի մօտ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ Գէորգ Կոստանեան յայտնած է, որ քաղաքացիներու կողմէ ներկայացուած հայցերէն տուգանք սահմանուած է 30ի պարագային, որոնց ընդհանուր արժէքը 900 հազար եուրոյի կը հասնի:
Կոստանեանի խօսքով, վերջին աղմկոտ վճիռներէն է «Վարդանեանն ու Նանուշեանն ընդդէմ Հայաստանի» գանգատի գործով կայացուածը. Սահմանուած տուգանքի չափը աննախադէպ է Հայաստանի համար՝ 11 միլիոն եուրօ:
ՄԻԵԴը 2016ի Հոկտեմբերին հրապարակած էր «Վարդանեանն ու Նանուշեանն ընդդէմ Հայաստանի» վճիռը, որուն համաձայն արդար դատաքննութեան իրաւունքը խախտուած նկատուած է:
Հարցին, թէ պետական պիւտճէէն այդ գումարները վճարելու փոխարէն արդեօք ճիշդ չ՛ըլլա՞ր գումարը գանձել խախտումը թոյլ տուած դատաւորէն. Կոստանեան նշած է, որ դատարանի եւ դատաւորի անկախութիւնը կ՛ենթադրէ ֆինանսական անձեռնմխելիութիւն: