ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ մէջ դժգոհութիւն յառաջացուցած է Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողի կառուցման որոշումը: Թրքական «Ա. Հապեր» լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար եւ գլխաւոր բանագնաց Օմեր Չելիք ազդարարած է, թէ նման որոշումներ իրարմէ աւելի ու աւելի պիտի հեռացնեն հայ եւ թուրք ժողովուրդները:
Ան քննադատած է այդ որոշումը, միաժամանակ դատապարտելով նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը:
Չելիք կրկին ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ պաշտօնական՝ ուրացման քաղաքականութիւնը՝ խօսելով «ընդհանուր ցաւի» վարկածին, պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով կազմելու եւ հայ-թրքական երկխօսութիւն ապահովող հարթակներ ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին: