«Բանաստեղծութիւն» գրական հանդէսը կը բովանդակէ ինքնագիր ու թարգմանածոյ բանաստեղծութիւններ Սփիւռքէն, զրոյցներ բանաստեղծութեան ու գրական քննադատութեան շուրջ, ակնարկներ ու նշմարներ: 387 էջնոց գիրքը լոյս տեսաւ 2016ին։
Խմբագիրներ՝ Մարուշ Երամեան եւ Իշխան Չիֆթճեան, գեղարուեստական ձեւաւորում՝ Լուսինէ Աւետիսեան։
Կարելի է զայն կարդալ հետեւեալ կայքին վրայ՝ https://hayerenblog.wordpress.com: