ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՅ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆԻ ՀԵՏ
Վարեց՝ ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Փետրուար 23ին, Սուրիոյ խորհրդարանի Սուրիական ընկերվար ազգայնական («Քաումի Սուրի Ըժթիմայի») կուսակցութեան խմբակցութեան նախագահ Սամիր Հաժժար, խորհրդարանին մէջ հանդէս եկած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող պահանջով: Այս առիթով, ստորեւ կը ներկայացնենք «Հայերն Այսօր»ի հարցազրոյցը՝ Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր դոկտ. Նորա Արիսեանի հետ:
ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ.- Ինչպիսի՞ն եղած են Սուրիոյ խորհրդարանի քայլերը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ:
ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ.- 2015 թուականին, Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուհամմատ Ճիհատ Լահամի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ձեռնարկներուն եւ ելոյթ ունեցաւ: Միաժամանակ, խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը յիշատակելու համար, գումարեց յատուկ նիստ մը, որուն ընթացքին պատգամաւորները մէկ վայրկեան լռութեամբ յոտնկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը: Նիստին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան շարք մը պատգամաւորներ:
ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ.- 2016 թուականի նստաշրջանին, երբ դուք արդէն իսկ խորհրդարանի պատգամաւոր էիք, ի՞նչ նախաձեռնութիւններ եղան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով:
ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ.- 2016ի Յունիսին, պատգամաւոր Նիտալ Հմետին պահանջեց, որ Սուրիոյ խորհրդարանը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Իսկ Դեկտեմբերին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարին ներկայութեամբ, ես ելոյթ ունեցայ եւ ներկայացուցի ՄԱԿի կողմէ Դեկտեմբեր 9ին՝ «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակին եւ արժանապատուութեան, այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրուան» մասին հրապարակուած փաստաթուղթը, ինչպէս նաեւ՝ 1948ին ՄԱԿի կողմէ ընդունուած «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի շուրջ» համաձայնագիրը, արտաքին գործոց նախարարէն պահանջելով Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտումը:
Աւելցնեմ, որ նոյն նիստին, Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ալան Պաքըր, միանալով դիմումիս՝ նոյնպէս պահանջեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Նշեմ նաեւ, որ 2016ի Հոկտեմբերին, մէկ այլ դիմում ներկայացուցած եմ խորհրդարան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած դրոշմաթուղթ թողարկելու համար:
ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ.- Դոկտ. Արիսեան, անդրադառնանք Սուրիոյ խորհրդարանի 2017 թուականի Փետրուար 23ի նիստին:
ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ.- Այդ օրը, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ եւ «Քաումի Սուրի Ըժթիմայի» կուսակցութեան խմբակցութեան նախագահ Սամիր Հաժժար ելոյթ ունեցաւ եւ պահանջեց դատապարտել Սուրիոյ հողերուն վրայ Օսմանեան թուրանականութեան կողմէ իրականացուած կոտորածները: Հաժժար անդրադարձաւ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրներուն՝ շեշտելով նման ոճիրներ դատապարտելու ուղղութեամբ միջազգային թուլութիւնը: Միաժամանակ ան ընդգծեց, որ յանցագործներուն անպատիժ մնալը պատճառ դարձաւ, որ այդ ոճիրները նո՛յն իրականացնողին կողմէ կրկնուին՝ Սուրիոյ քաղաքացիներուն դէմ իսկ: Անպատիժ մնացած յանցագործները այսօր կը ֆինանսաւորուին Թուրքիոյ ներկայ կառավարութեան կողմէ՝ նիւթական միջոցներով եւ զէնքով:
Հաժժար հաստատեց, որ Թուրքիան կը շարունակէ մնալ բոլոր ժողովուրդներուն դէմ ծայրայեղական միտքի եւ թշնամական միտումներու քարոզիչը: «Սուիրիական հողերուն վրայ, 1894 թուականէն ի վեր, 1.5 միլիոն եւ աւելի հայերու դէմ իրականացուած է ցեղասպանութիւն: 1914-1918 թուականներուն, 750 հազար ասորիներ կոտորուեցան, իսկ 1916ին, Հալէպի մէջ 200 հազար սուրիացիներ սպաննուեցան: 2011 թուականին, հազարաւոր սուրիացիներու դէմ կատարուեցան նո՛յն ոճիրները, որոնք վաղեմութիւն չեն ճանչնար: Մարդկային դիտանկիւնէն եւ միջազգային օրէնքի տեսանկիւնէն՝ կը դիմենք եւ կը հաստատենք, որ պատմականօրէն օսմանցիներուն կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութեան ծրագիրը այսօր կը շարունակուի նո՛ր օսմանական կառավարութեան ձեռքով, եւ առ այսօր ունի թուրանական միտք: Հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած յանցագործութիւնը ճանչցուած է աւելի քան 24 պետութեանց կողմէ եւ որակուած է իբրեւ Ցեղասպանութիւն: Այս ամէնը հաշուի առնելով, նպատակայարմար կը գտնենք, որ Սուրիոյ խորհրդարանը եւս դատապարտէ այդ ջարդերն ու Ցեղասպանութիւնը, որոնք կատարուած են ի՛ր իսկ հողերուն վրայ», իր ելոյթին ընթացքին ըսած էր Հաժժար:
ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ.- Այս բոլոր քայլերէն ետք, զորս կ՛առնուին 2015էն ի վեր, ինչի՞ կարելի է սպասել:
ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ.- Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը մշտապէս շրջանառութեան մէջ դնելը եւ պետական բարձր մակարդակի վրայ հնչեցնելը շա՛տ կարեւոր հանգամանք է Սուրիոյ եւ Արաբական աշխարհին մէջ: Այդ պատճառով ալ հարկաւոր է աշխատանք տանիլ ե՛ւ ճանաչման, ե՛ւ դատապարտման, ե՛ւ հատուցման ուղղութիւններով: