ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է յառաջիկայ 42րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսը շնորհել տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեանին, հաշուի առնելով տասնամեակներու վրայ երկարող անոր նուիրումը՝ այս մեծ կազմակերպութեան:
Եղբ. տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան 6 տարեկանին արդէն անդամակցած է ՀՄԸՄի իր ծննդավայր Պէյրութի սկաուտական շարժումին, նախ՝ իբրեւ գայլիկ, ապա հասած է Պէյրութի մասնաճիւղի խմբապետի պաշտօնին, 1970ա-կաններուն: Դարձեալ իր ծննդավայրին մէջ, ան եղած է ՀՄԸՄի պասքեթպոլի «Կամք» խումբի մարզիկ:
Իր խմբապետութեան տարիները կը զուգադիպէին ՀՄԸՄի՝ համաշխարհային կազմակերպութեան մը վերածուելուն: Այդ օրերուն, եղբ. Ենիգոմշեան մաս կազմած է առաջին սկաուտական կանոնագիրը մշակելու կոչուած յատուկ յանձնախումբին: Ան նաեւ մասնակցած է ՀՄԸՄի բազմաթիւ ընդհանուր բանակումներու եւ խորհրդաժողովներու, միաժամանակ մաս կազմելով Կեդրոնական վարչութեան մէկէ աւելի յանձնախումբերու:
Ջերմօրէն փարած ՀՄԸՄի սկզբունքներուն՝ եղբ. Ենիգոմշեան Միացեալ Նահանգներու մէջ եւս գործնապէս ստանձնած է պատասխանատուութիւններ՝ վարչութիւններու թէ զանազան յանձնախումբերու մէջ: Իր նախասիրած աշխատանքին բնագաւառը եղած է նոր սերունդի դաստիարակութիւնը, եւ այս ծիրէն ներս, ան կարեւոր բաժին բերած է միութեան ռազմավարական ծրագրումի աշխատանքներուն մէջ:
Շահէ Ենիգոմշեան մասնակցած է ՀՄԸՄի բազմաթիւ ներկայացուցչական (շրջանային) եւ պատգամաւորական (համաշխարհային) ժողովներու: Ան նաեւ հեղինակ է ՀՄԸՄի մասին բազմաթիւ յօդուածներու՝ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին թէ հայկական այլ թերթերու մէջ:
«Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսին արժանանալուն առիթով, տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան ըսաւ. «Խոր հաւատք ունիմ ՀՄԸՄի նկատմամբ, ու ինծի համար պատիւ է այս տիտղոսին արժանանալը: ՀՄԸՄը, շնորհիւ իր աշխարհատարած կառոյցին, մեծ դեր ունեցած է հայ երիտասարդութեան ազգային դաստիարակութեան մէջ: Մեր աշխատանքին դաշտը շա՛տ աւելի ընդարձակ է, միաժամանակ, սակայն, ունինք չօգտագործուած հսկայական ներուժ, զոր անհրաժեշտ է գործի լծել՝ ի հարկին նոր ուղիներ որոնելով ու նմանօրինակ առաքելութեան կոչուած կազմակերպութեանց հետ գործակցելով»:
Շրջանային վարչութիւնը իր կարգին կը շնորհաւորէ եղբ. տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեանը՝ «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսին արժանանալուն առիթով, ջերմօրէն հաւատալով, որ եղբօր նուիրումը օրինակ պիտի հանդիսանայ բոլո՛ր ՀՄԸՄականներուն համար: