ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, ձայնակցելով աշխարհի բոլոր կիներուն, իր ընկերակցական մաղթանքները կը յղէ Սփիւռքի թէ հայրենի ոստաններու իր աշխարհասփիւռ միաւորներուն, ժրաջան եւ անաղմուկ աշխատանքի լծուած հայ մայրերուն, քոյրերուն եւ դուստրերուն, միաժամանակ մղելով զանոնք մնալու պայքարի դիրքերու վրայ՝ յանուն անխտրականօրէն համախումբ հայ ժողովուրդին ու անոր պետականութեան նորահաստատ խոր-հրդարանական համակարգի արդարամէտ ու յառաջադէմ ընթացքին՝ դէպի բարգաւաճ ապագայ:
Անկասկած, անշրջանցելի վերիվայրումներու եւ փոփոխութիւններու շրջանէ մըն է որ կ՛անցնի այսօր քաղաքակիրթ մարդկութիւնը: Մարդկային յառաջդիմութեան ընթացքը կանգ չէ առած՝ շնորհիւ ամէն զոհողութեան պատրաստ անհատներու խոր հաւատքին՝ հանդէպ արդար ու խաղաղ ապագայի մը կարելիութեան, որ մղած է զանոնք պայքարելու յանուն այդ տեսլականի իրականացման: Պայքարի այդ ճանապարհին, պատմական խրախուսիչ դէպքեր, դէմքեր ու թուականներ կը վերահաստատեն մարդկութեան հաւատքն ու կորովը՝ մնալու քաղաքակիրթ յառաջդիմութեան ճանապարհին վրայ, ի խնդիր ապագայ սերունդներու բարօրութեան:
Այսպիսի յիշատակելի թուական մըն է Մարտ ամսու 8ն, որ աւելի քան մէկ դար առաջ, սկսեր էր համախմբելու քաղաքակիրթ աշխարհի կիները, լսելի դարձնելու համար կնոջ համահաւասար իրաւունքներու օրինական ճանաչումը՝ միջազգային միակա՛մ դրօշի մը ներքեւ:
Համաշխարհային Առաջին պատերազմէն 6 տարի առաջ, 1908ի Մարտ 8ին, այս ուղղութեամբ, Նիւ Եորք քաղաքին մէջ հազարաւոր կիներ, պահանջատիրական ցուցատախտակներ պարզած, իրենց ձայնը կը բարձրացնէին ի խնդիր անբաւարար ռոճիկներու յաւելման, համեստ օրապահիկի մը ի խնդիր, սեւ աշխատանքի երկարատեւ ժամերու կրճատման, ու իրենց մինչ այդ անարդարօրէն զլացուած ընտրելու եւ ընտրուելու քաղաքացիական իրաւունքին:
Մտածել, թէ այս պատմական նշանակութիւն ունեցող երեւոյթը կը պարզուէր Նոր Աշխարհի նոյն այդ քաղաքին մէջ, ուր հազիւ երկու տարի ետք Դաշնակցական գործիչ Ակնունին կեանքի պիտի կոչէր հայ կիներու կուռ կազմակերպութիւն մը, որուն ներկայ բարեսիրական աշխարհատարած կառոյցը ծանօթ է բոլորին՝ որպէս Հայ Օգնութեան Միութիւն:
Կարճ ժամանակի մէջ, համայն աշխարհի յառաջադէմ երկիրներու տարածքին, կիներու միջազգային այս «Օր»ը համընթաց քալելով Միջազգային ընկերվարութեան ժողովրդավար յարաճուն շարժման հետ, միջազգային ճանաչում պիտի ստանար, նկրտումներով լի յաջորդական տարիներուն ընթացքին սատարելով կիներու եւ այլ փոքրամասնութեանց մարդկային, ընկերային ու քաղաքացիական իրաւունքներու օրինականացման համար մղուող շարունակական պայքարին:
Յետադարձ ակնարկով մը, կարելի՞ է միթէ, առանց հպարտութեան նշել, թէ այդ շատ մը քաղաքակիրթ երկիրներէն առաջ, 1918ին, 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան աւերածութենէն ծնունդ առած Հայաստանի առաջին հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը արդէն իսկ կը հաստատէր սեռերու հաւասարութեան սկզբունքը՝ քուէարկելու, ընտրելու եւ ընտրուելու անկապտելի իրաւունքներու օրինականացումով ու գործադրութեամբ:
Իրատեսօրէն մօտենալով ներկայ վերիվայրումներու ստեղծած միջավայրին, հարկ է նշել, թէ հակառակ որոշ մարզերէ ներս ցարդ արձանագրուած յառաջդիմութեան, երկար ճանապարհ կայ կտրելիք՝ հասնելու համար օրինականացած իրաւունքներու փաստացի ու համատարած գործադրման՝ ըլլա՛յ ընկերային ու տնտեսական, ըլլա՛յ միջազգային յարաբերութիւններու քաղաքական ու դիւանագիտական մարզերէն ներս:
Արդարեւ, մինչեւ օրս, կիներու եւ այլ փոքրամասնութեանց մարդկային անկապտելի իրաւունքները կը մնան յաճախ անտեսուած՝ ժամանակի ընթացքին մղելով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովը (CSW), որուն Տնտեսական եւ Ընկերային յանձնաժողովին (ECOSOC) կ՛անդամակցի Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որ շարունակէ ամէ՛ն տարի կազմակերպել Կիներու իրավիճակի քննարկման ու բարելաւման միջազգային համաժողով մը, որուն, յարկ չկայ ըսելու, թէ այլ կնոջական կազմակերպութիւններու կողքին, իր գործնական մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը: