Թ. Շ.
Ուրբաթ, Փետրուար 24ին, Փարիզեան արուարձան Ալֆորվիլ քաղաքի քաղաքապետարանի տրամադրած «Pole Culturel» սրահին մէջ, հոծ բազմութեան ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Ջաւախքի հայութեան զօրակցութեան ճաշ-ձեռնարկը, որ կը վայելէր Հայ մշակոյթի տան, «Ֆրանսա-Ջաւախք» ընկերակցութեան եւ «Այբ ԷՖ.ԷՄ.» ձայնասփիւռի հովանաւորութիւնը: «Ջաւախքը մենք ենք» թեմայով երեկոյթին մասնակցեցաւ «Papiers dArmenies» երաժշտական խումբը:
«Ֆրանսա-Ջաւախք» ընկերակցութեան կողմէ ֆրանսերէնով եւ հայերէնով բացումը կատարեցին Յասմիկ Փափազեան եւ Ժիրայր Կարապետեան, որոնք ողջունեցին ներկայութիւնը ծերակուտական-քաղաքապետ Լիւք Քարվունասի, երեսփոխան, պատուոյ քաղաքապետ Ռընէ Ռուքէի, հոգեւոր հովիւ Տիրայր քհնյ. Գըլըճեանի, Ալֆորվիլի փոխքաղաքապետներուն, կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչներուն եւ ժողովուրդին: Ըսին, թէ ընկերակցութեան նպատակն է յատկապէս սատար հանդիսանալ Ջաւախքի շրջանի երիտասարդութեան, որոնք ծով կարիքներ ունին:
«Ֆրանսա-Ջաւախք»ը համայնքային նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ Նինոծմինտայի մէջ 2014 Սեպտեմբերին հիմնած է մշակութային կեդրոն մը, ուր կը համախմբուին շուրջ 200 պատանի-երիտասարդներ, որոնք անվճար կը մասնակցին զանազան աշխատանոցներու՝ երգ, պար, երաժշտութիւն, նկարչութիւն, համացանցային տեղեկատուութիւն, հայերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի եւ վրացերէնի ուսուցում եւ այլն: Այս աշխատանքին մէջ մեծ ներդրում ունեցած են քաղաքապետեր Լ. Քարվունաս եւ Ռ. Ռուքէ:
Ժիրայր Կարապետեան («Ֆրանսա-Ջաւախք» ընկերակցութեան նախագահ) իր խօսքին մէջ Ջաւախքի հակիրճ պատմականը ընելով՝ ներկայացուց հոն իրագործուած եւ նախատեսուող ծրագիրները: Ան մասնաւորաբար նշեց հետեւեալը.
«Հայկական Ջաւախքը պատմական Հայաստանի Գուգարք նահանգի մէկ մասն է, ուր կ՛ապրին շուրջ երկու հարիւր հազար հայեր, որոնք տարածաշրջանի բնակչութեան 80 առ հարիւրը կը կազմեն: Այնտեղ հայօրէն գոյատեւելու լուրջ դժուարութիւններ կան: Հայկական դպրոցներու մէջ անցնող տարիներուն ընթացքին հայերէնով դասաւանդուող ժամերը կրճատուած են՝ Վրաստանի իշխանութեան կամայական որոշումներուն հետեւանքով: Իսկ Հայաստանի մէջ արմատ նետած Ջաւախքի հայերուն արգիլուած է մուտք գործել հայրենի Ջաւախք: Հայ-վրացական սահմանին խիստ ստուգումներ կը կատարուին, որպէսզի հայերէնով լոյս տեսած որեւէ հրատարակութիւն չհասնի շրջանը: Վրաստանի հետ թուրք-ատրպէյճանական տնտեսական եւ ռազմական գործակցութեան հետեւանքներն ալ ծանօթ են բոլորին: Մեր նպատակն է տեղւոյն վրայ ապրող ժողովուրդին դժուարութիւններուն լուծումներ որոնել. առ այդ, երկու ուղղութիւններով աշխատանք կը տարուի. առաջինը՝ քարոզչական եւ տեղեկատուական ձեռնարկներն են, իսկ երկրորդը՝ Ջաւախքի մէջ օժանդակել այն բոլոր ծրագրերուն, որոնք կը պաշտպանեն մեր ժողովուրդին իրաւունքները: Տասնամեակէ մը ի վեր Ջաւախքի տարածքին հիմնուած են երիտասարդական եւ մշակութային երեք կեդրոններ՝ Ախալքալաքի, Նինոծմինտայի եւ Ախալցխայի մէջ: Իսկ 2016 Յունիսին բացումը կատարուեցաւ Ախալքալաքի կեդրոնի երկրորդ մասնաշէնքին: Յաջորդ տարուան համար կը նախատեսենք Ախալցխայի կեդրոնի վերաշինութիւնը՝ 200 հազար եուրօ պիւտճէով»:
Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Լիւք Քարվունաս, որ դրուատեց æաւախքի մէջ իրագործուած ծրագիրները, որոնց մօտէն հետեւած եւ ականատես եղած է:
Հարկ է նշել, թէ Ջաւախքի պատմութեան մէջ Լիւք Քարվունաս եւ Ռընէ Ռուքէ շրջան այցելող ֆրանսացի առաջին խորհրդարանականները եղած են: Ան կրկին անգամ ընդգծեց Ֆրանսայի եւ Հայաստանի ջերմ բարեկամութիւնը եւ անդրադարձաւ Մարտ 8ին նախագահ Սարգսեանի Ֆրանսա այցելութեան: Ապա խօսեցաւ նաեւ Ատրրպէյճանի հակաժողովրդավար քաղաքականութեան մասին, որուն վերջին օրինակը Ալիեւի կնոջ փոխնախագահ նշանակումն է: Քաղաքապետը յայտնեց, թէ Ալֆորվիլի շրջանի բոլոր քաղաքներու մուտքին պիտի բարձրացնեն Արցախի դրօշակը՝ քոյր քաղաքներու դրօշակներու կողքին: Աւարտին, ան հանրութեան տեղեկացուց, թէ 2017 Սեպտեմբերին իր գլխաւորած քաղաքապետական պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Ջաւախք եւ Արցախ:
Հուսկ բեմ հրաւիրուեցաւ «Papiers dArmenies»ն, որ իր կատարած երգ ու երաժշտութեամբ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց սրահին մէջ:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»