ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Փետրուար 28ին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Փաքիստան կատարած այցին ընթացքին հանդիպում մը ունեցած է նախագահ Մեմնուն Հուսէյնի եւ վարչապետ Նաուազ Շերիֆի հետ:
Թրքական «Քոնհապեր» լրատուական կայքը, յղում կատարելով ատրպէյճանական պետական լրատու գործակալութեան՝ կը նշէ, որ երկու նախագահները քննած են տարածաշրջանային շարք մը խնդիրներ: Քննարկուած են յատկապէս Արցախի եւ Քաշմիրի հակամարտութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ Փաքիստան-Հնդկաստան լարուածութիւնը: Կողմերը վճռականութիւն յայտնած են նշեալ խնդիրներու կարգաւորման գծով, ինչպէս նաեւ՝ փոխադարձ աջակցութիւնը շարունակելու համար:
Հանդիպումներուն ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք բերուած է Ատրպէյճանին փաքիստանեան ռազմական արդիւնաբերութեան արտադրանք վաճառելու շուրջ: Երկու կողմերը նաեւ կարեւոր համարած են առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնումը եւ ստորագրած են ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ պայմանագիր:
Նշենք, որ Իսլամապատի մէջ կայացող Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան գերաստիճանին մասնակցելու համար, Ալիեւի կողքին՝ Փաքիստան ժամանած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ անջատ հանդիպում մը ունեցած է Ալիեւի հետ: Իսլամապատի «Սերենա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած սոյն հանդիպումը կայացած է փակ դռներու ետին, առանց լրագրողներու մասնակցութեան: Հանդիպումը տեւած է 50 վայրկեան: