ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Լուրջ ենք, սակայն ո՛չ այնքան, որ մեր հաւաքական ուժը բազմապատկելու ուղղութեամբ առաւել նպատակասլաց աշխատանք տանինք:
Տեղական ընտրութիւններու շեմին ենք, եւ դարձեա՛լ մեր կազմակերպուածութիւնը, մեր ազդեցութիւնը պիտի չափուին քուէատուփերու մէջ տեղ գտած մեր քուէներուն թիւով:
Այստեղ անտարբերութիւնը անբացատրելի է:
Ի՞նչն է պատճառը, որ քուէարկելու իրաւունք ունեցող մեր ազգակիցներուն մէկ կարեւոր մասը կը դժկամի նեղութիւն քաշել ու իր կարեւոր քուէաթերթիկը նետել քուէատուփին մէջ:
Ի՞նչն է պատճառը, որ բազմաթիւ հայրենակիցներ կը զլանան նուազագոյն ճիգ ու ժամանակ՝ իբրեւ քուէարկող արձանագրուելու, ուռճացնելով հայկական քաղաքական ազդեցութիւնը, կշի՛ռը: Քանի մը րոպէի գործ է արձանագրուիլը, եւ այդ դիւրին աշխատանքը կատարելու համար օգնութեան ձեռք երկարելու պատրաստակամ են Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները:
Տարուէ տարի նո՛յն հարցը կը դիմագրաւենք, նո՛յն ափսոսանքը կ՛արձանագրենք, կը յուսահատինք, կը խանդավառուինք, նոր ոգեւորութեամբ դէպի առաջ կ՛ուզենք նայիլ, բայց եւ այնպէս, շօշափելի արդիւնքներու հասնելու գոհունակութիւնը չենք յաջողիր նուաճել:
Ի՞նչ պէտք է ընել: Մարտավարութիւն փոխել, քարոզչական նոր ոճ որդեգրել, մեր խօսքն ու պատգամը թարմացուած, հասկնալի ու մատչելի լեզուով փոխանցել: Այս բոլորը հաւանաբար անհրաժեշտ են: Ամէնէն կարեւորը՝ աշխատանքի իմաստը, անոր օգտակարութեան զգացողութիւնը պէտք է հասու ըլլան թէ՛ քուէատիրոջ, թէ՛ տակաւին քուէարկելու իրաւունքին հանդէպ անտարբերութիւն ցուցաբերողին:
Թող ստեղծագործ միտքերը աշխատին, թող մշակեն նոր քարոզչական մարտավարութիւն: Մեր պարտքը, մեր գիտցածը մեզ կը յուշեն, որ կրկի՛ն դիմենք ձեզի, սիրելինե՛ր. եթէ քուէ ունիք, ապա պատրաստ եղէք ընդառաջելո՛ւ Հայ Դատի յանձնախումբի դիմումներուն եւ քուէարկելո՛ւ անոր զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն, որոնք հայութեան հարցերով զգայնութիւն ցոյց տուած են եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են գործակցելու:
Մեզ կը յուշեն նաեւ խնդրել, յորդորել չարձանագրուած քաղաքացիները, որ տիրանան իրենց քուէի իրաւունքին եւ արձանագրուին:
Մեր պարտքն է վստահիլ հայութեան հաւաքական շահերը պաշտպանելու ձեր մտադրութեան լրջութեան: