ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Սիրելի՛ Րաֆֆի,
Այսօրուան «Ասպարէզ»ին մէջ լոյս կը տեսնէ հերթական նամակդ՝ երկրէն, մեր սիրելի, մեր պաշտած հայրենիքէն (կարդալ):
Նախ եւ առաջ կրնամ հանգիստ խիղճով յայտարարել, որ «Ասպարէզ»ի ընթերցողները միշտ տեղեկացուած են Հայաստանի հասարակական եւ քաղաքական բոլոր իրադարձութիւններուն մասին, այնքանո՛վ որ հնարաւոր ըլլայ սահմանափակ էջերով թերթի մը համար։
Մենք ալ, մեր ընթերցողներէն շատերու հետ, կը կիսենք մտահոգութիւնը «հաց բերող»ի ճակատագիրով եւ կը յուսանք, որ Հայաստանի մէջ ընթացող թէժ ընտրապայքարին մթնոլորտը արգելք չի հանդիսանար, որ թէ՛ իշխանութիւնները եւ թէ հասարակութեան լայն խաւերը Արթուր Սարգսեանի կեանքին սպառնացող վտանգին հանդէպ անտարբեր չմնան:
«Սասնայ Ծռեր» անունով հանդէս եկած խումբին զինեալ գործողութիւնը էապէս դատապարտելի նկատելով՝ այդ խումբի անդամներուն կամ անոնց գործողութեան հետ անուղղակիօրէն առնչուողներուն հանդէպ դատական հետապնդումներուն ընթացքին պէտք է յարգուի օրէնքը ու բացառուի կամայական վերաբերմունքը:
Սփիւռքի մամուլին մէջ «գաղափարական սով»ի ակնարկը կամ մեղադրանքը խի՛ստ անձնական նկատելով՝ պէտք է նաեւ բողոքեմ իշխանական ճիպոտով ղեկավարուելու ամբաստանութեան դէմ։ Յամենայնդէպս, վստահ եմ, որ դուն ալ գիտես, թէ Դաշնակցութիւնն ու դաշնակցականը որեւէ իշխանական ճիպոտի տակ գլուխ չեն ծռած ու չեն ծռեր, եւ հաւանաբար քու ակնարկդ ալ Դաշնակցութեան չի վերաբերիր: Իսկ որոշ մօտեցումներ կամ այլ մօտեցումներու բացակայութիւնը թերեւս կրնան թիւրիմացութեան առաջնորդել կամ սխալ տպաւորութիւն ստեղծել, պարզ այն պատճառով, որ արդիւնք են այն իրողութեան, որ, իբրեւ ՀՅԴ մամուլի մէկ օղակ, յատկապէս այս օրերուն, երբ Հայաստանի մէջ կ՛ընթանայ թէժ ընտրապայքար, թերթին հրատարակած նիւթերուն ու յօդուածներուն մէջ կրնան գերակշիռ ըլլալ ընտրապայքարին նկատառումներով ընտրուածները, կուսակցութեան բացատրական եւ քարոզչական յայտարարութիւնները:
Սիրելի՛ Րաֆֆի, առ ի յարգանք հեղինակային իրաւունքիդ, կը յաղթահարեմ խմբագրական հպումներ ու յապաւումներ կատարելու փորձութիւնս (մանաւանդ «հաց բերող»ին կատարած զուգահեռներուն՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ իշխանութեանց միջեւ, բան մը, որ կարելի չէ՛ ընդունիլ): Նաեւ, կը յուսամ, որ յօդուածիդ մէջ տեղ գտած ընդվզումիդ կ՛արձագանգեն Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն, իշխանական թէ ընդդիմադիր շրջանակներէն։