ԵԱՀԿի մամլոյ ծառայութենէն «Արմէնփրէս»ին յայտնած են, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Ռիչըրտ Հոկլընտ (Միացեալ Նահանգներ) Արցախի եւ Ատրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ լարուածութեան վերջին մագլցումին վերաբերեալ յայտարարութիւն տարածած են:
«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւններու տեղեկութիւններուն, ինչպէս նաեւ այլ աղբիւրներու համաձայն՝ 25 Փետրուարի կանուխ առաւօտեան, շփման գիծին վրայ արձանագրուած է զինադուլի լուրջ խախտում, որուն պատճառով կան վնասուածներ: Քանի մը մարմիններ տակաւին կը մնան «չէզոք գօտի»ին մէջ: Կողմերը զիրար կը մեղադրեն ներթափանցման փորձին մէջ: Համանախագահները կոչ կ՛ուղղեն կողմերուն նախապէս շփման գիծին մօտեցուած ծանր սպառազինութիւնը պահել ներկայ դիրքերուն մէջ եւ արտօնել վերցնել մահացածներու մարմինները, ինչպէս երէկ համաձայնութիւն գոյացած է ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին միջնորդութեամբ: Համանախագահները կը յիշեցնեն կողմերուն՝ ուժի կիրարկումէն զերծ մնալու իրենց յանձնառութիւններուն մասին», ըսուած է համանախագահներու յայտարարութեան մէջ: