ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Շարք մը հոգեւորականներ՝ Վիգէն արք. Այկազեանի գլխաւորութեամբ, այցելած են Իրաքի տարածքէն ներս գտնուող եւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներէն ազատագրուած քրիստոնէաբնակ տարածքներ. այս մասին կը գրէ «Ակօս» թերթը:
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Օլաֆ Ֆիսք Թուէյթ այս այցը նկատած է շրջանի քրիստոնեաներուն խնդիրները լսելու համար կարեւոր առիթ մը:
Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի կողմէ կազմակերպուած յատուկ ընթրիքի մը ընթացքին, որուն մասնակցած են նաեւ տարբեր կրօնական եւ ազգային համայնքներէ ներկայացուցիչներ, հոգեւորականները հետաքրքրուած են այս շրջանի ժողովուրդներու հարցերով:
Իր ելոյթին մէջ, Վիգէն արք. Այկազեան նշած է, թէ 2003էն ի վեր, Իրաքի հիւսիսային շրջաններուն մէջ քրիստոնեաներու թուաքանակը խստօրէն նուազած է, իսկ յառաջիկայ 10 տարիներուն, քրիստոնեայ բնակչութիւնը կրնայ անհետանալ հոն:
Այկազեան նաեւ շեշտած է, որ տեղւոյն քրիստոնեայ բնակիչները ծանր կացութեան մէջ են եւ շատերը արդէն՝ յուսահատ: Արքեպիսկոպոսը պատմած է, որ այդ տարածքներուն մէջ շրջելու ընթացքին, իրենք այն տպաւորութիւնը ունցած են, որ ներկայ գաղթականական ճամբարները շատ նման են 1915ի գաղթի ճամբաներէն անցած եւ Հալէպ, Պէյրութ կամ Յունաստան հասած գաղթականներու ճամբարներուն: