ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ «Աւելի մրցունակ եւ զանազանեցուած մասնաւոր հատուածի շուրջ» օժանդակութեան համաձայնագիրի թիւ 9 փոփոխութեան, որուն համաձայն՝ կը նախատեսուի 4.8 մի-լիոն տոլարի լրացուցիչ յատկացում Ամերիկայէն, ամերիկեան կողմի տրամադրած դրամաշնորհներու ընդհանուր գումարը հասցնելով 61.136.078 տոլարի:
Ամերիկայի Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) տրամադրած տեղեկատուութեան համաձայն՝ յատկացուելիք 4.8 միլիոն տոլարը պիտի ուղղուի իրականացուող 6 ծրագիրներու մատակարարման, որոնց շարքին՝ «Գործընկերութիւն գիւղական բարեկեցութեան», «Գիւղական զարգացման ընդլայնուած նախաձեռնութիւն», «Մշակութային զբօսաշրջութիւն Հայաստանի մէջ», «Աջակցութիւն գիւղատնտեսական առեւտրային ուսուցման կեդրոնին» ծրագիրները: