ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մեր ընթերցողներէն… Թերթ կարդացողներէն եւ մանաւանդ առցանց մեր ամէնօրեայ թողարկումներուն հետեւողներէն:
«Ասպարէզ» իր ելեկտրոնային նամակներու հասցէները աւելցնելու ճիգ կը թափէ: Պատահականութեան չենք կրնար ձգել եւ բաւարարուիլ այն հոսքով, զոր կը ստանանք:
Մեր խնդրանքն է՝ իւրաքանչիւր թերթ կարդացողէ ստանալ առնուազն մէկ հասցէ: Նաեւ, կը դիմենք արդէն իսկ «Ասպարէզ»ի ելեկտրոնային թողարկումները ստացողներուն, որ մեզի ապահովեն առնուազն մէ՛կ նոր հասցէ՝ իրենց ընկերներէն, բարեկամներէն, ընտանիքի անդամներէն: Բոլոր նոր հասցէները կը խնդրուի փոխանցել
subscription@asbarez.com հասցէով:
Յատուկ խնդրանքով կը դիմենք նաեւ միութիւններու վարչութիւններուն: Յարգելինե՛ր, ձեր տրամադրութեան տակ գտնուող ելեկտրոնային հասցէներու տէրերուն հարց տուէք, եթէ կը փափաքին հայկական իրականութեան հետ ամէնօրեայ կապ ունենալ եւ ստանալ «Ասպարէզ»ի առցանց թողարկումները: Եթէ այո՛, ապա մեզ փոխանցեցէք բոլոր փափաքողներուն ցանկը: Հաւատացէ՛ք, որ «Ասպարէզ» շատ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ձեր անդամներու՝ միութենական կեանքի մասնակցութեան աշխուժացման վրայ, որովհետեւ անոնք պիտի կարենան իրենց ճիգը գնահատել համահայկական կարիքներու եւ խնդիրներու լոյսին տակ: Ընդհանրապէս, կարելի չէ պատկերացնել որեւէ միութեան մէջ իմաստաւոր մասնակցութիւն, եթէ այդ միութեան անդամները իրազեկ չեն մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, իրագործումներուն ու ապագայի նայող ծրագիրներուն մասին:
Ահաւասի՛կ, նուազագոյն ճիգով ընդհանուր լաւ գործ մը ընելու առիթ կը ներկայացնենք ձեզի: Առանց ճիգի, առանց նիւթական զոհողութեան, դրական ներդրում կրնաք ունենալ հայկական գրեթէ բոլոր ծրագիրներուն մէջ՝ «Ասպարէզ»ի ճամբով, անոր տեղեկատուական ու իրազեկումի ծառայութիւններուն ընդմէջէն:
Թերթի նոր բաժանորդներ ալ կ՛ընդունինք, անշո՛ւշտ:
Սիրելի ընկեր Աբո, ես ձեր՝ այստեղ նշված հասցեին նամակ ուղարկեցի, ցավոք այն հետ վերադարձավ։ Վախենամ ճիշտ գրված չէ, կամ էլ ուրիշ խնդիր կա։ Մեր՝ Նիդերլանդների Հայ Դատի հանձնախմբի ունեցած բոլոր հասցեները ձեզ կուղարկենք։ Ընկերական ջերմ բարևներով՝ Մասիս Աբրահամյան
հասցէին մէջ սխալ սպրդած էր, կը ներես: Ճիշդը՝ subscription@asbarez.com