ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուցին, թէ Միսաք Մանուշեանի կիսանդրին, որ կը գտնուի Մարսէյի 7րդ թաղամասին մէջ, իր անունը կրող հրապարակին վրայ, Փետրուար 13ին անգամ մը եւս պղծուած է։ Ծայրայեղ աջակողմեաններ կիսանդրին նախապէս պղծած էին՝ 2014 թուականին։
Հաղորդագրութեան հեղինակները կը դատապարտեն այս արարքը ու կը պահանջեն յանցաւորները արագօրէն բացայայտել ու պատժել։ Կը նշուի նաեւ, որ Մանուշեանի ու իր ընկերներուն աճիւնները պէտք է Պանթէոն փոխադրել։
Հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Մանուշեանի խումբի գնդակահարման 73րդ տարելիցին առթիւ, Փետրուար 18ին տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչման արարողութիւն։