ԵՐԵՒԱՆ.- «Եռագոյն» կայքը կը յայտնէ, որ նախաձեռնած է մանկապատանեկան արեւմտահայերէն կայքի մը (Armlands.com, Հայկական Աշխարհս) ստեղծման աշխատանքը: Կայքը պիտի ունենայ երկու բաժին՝ 4-8 եւ 9-16 տարեկաններու համար:
Կայքը կը ներառէ համապատասխան տարիքի հասցէատէրերուն հետաքրքրող համապարփակ նիւթեր, տեսանիւթեր, լուրեր եւ այլն: Կայքի ձեւաւորման աշխատանքները պիտի սկսին Փետրուար 21ին (լեզուի տօնին) եւ իրենց աւարտին պիտի հասնին 2018ի Փետրուար 21ին: