ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Այսպէս: Իսրայէլեան եւ ռուսական զոյգ հպատակութիւն ունեցող Ալեքսանտր Լափշին Պելոռուսի կողմէ արտայանձնուեցաւ Ատրպէյճանի, վերջինին սահմանները «ապօրինի» կերպով անցած ըլլալու եւ «բռնութեան կոչեր» ըրած ըլլալու յանցանքով: Լափշինի «յանցանքը» այն էր, որ ան պարզապէս Արցախ այցելած էր երկու անգամ ու այս ձեւով ալ մտած էր Ատրպէյճանի «սեւ ցանկ»:
Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, Ատրպէյճանի պահանջով Լափշինը ձերբակալել տալէ ետք, ինզինք աճուրդի դրաւ Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի դիմաց, սպասելով, որ այս երկուքէն ո՞վ աւելի «պիտի վճարէ» իրեն: Ի վերջոյ, ենթական թէ՛ Իսրայէլի եւ թէ Ռուսիոյ հպատակ էր, ու այս երկիրները, սկզբունքով, պէտք էր պաշտպանէին իրենց քաղաքացին:
Մոսկուա եւ Թել Աւիւ հետաքրքրութիւն չցուցաբերեցին այս «աճուրդով», որովհետեւ գիտէին, որ ծիծաղելի էր թէ՛ Լափշինը ձերբակալելու պա-տրուակը եւ թէ այդ աճուրդին բնոյթը: Այս ձեւով նաեւ, նշեալ զոյգ մայրաքաղաքները արհամարհեցին Լուքաշենքօն: Այս վերջինը, ճարահատ, Իսրայէլէն ու Ռուսիայէն իր բարկութիւնը թափեց Լափշինի գլխուն՝ զայն արտայանձնելով Ատրպէյճանին:
Լափշին վաղը-միւս օր կրնայ ազատ արձակուիլ Պաքուի մէջ, յետ ձեւական դատավարութեան մը՝ «ներողութիւն խնդրելէ» ետք Ատրպէյճանէն եւ խոստանալով անգամ մըն ալ չկրկնել նոյն «սխալը». այսինքն՝ Արցախ չայցելել:
Անշուշտ այս ճղճիմ երեւցող խաղին բուն թիրախը Հայաստա՛նն է: Որովհետեւ Ատրպէյճան այս ձեւով կ՛ուզէ աշխարհէն մեկուսացնել Արցախը եւ Լափշինի օրինակը թափահարելով բոլոր օտար լրագրողներուն, մարդկային իրաւանց գործիչներուն կամ պետական անձնաւորութիւններուն՝ կը սպառնայ զանոնք եւս ձերբակալել տալ, եթէ համարձակին կրկնելու ռուս-հրեայ պլոկըրին սխալը. այսինքն՝ եթէ համարձակին Արցախ այցելել:
Լափշինի արտայանձնումը, յատուկ օդանաւով մը Պաքու հասնիլը լայնօրէն շահագործուեցաւ ատրպէյճանական քարոզչութեան կողմէ, լուսանկարներով եւ այլն: Դժբախտաբար գտնուեցան հայկական լրատուամիջոցներ եւս, որոնք լուր հաղորդելու «սկզբունքէն» մղուած՝ իրենք եւս լայն տեղ տուին ատր-պէյճանցիներու այս «լուսանկարչական քարոզչութեան» ու այս ձեւով ատրպէյճանական քարոզչական ջաղացքին ջուր լեցուցին՝ փոխանակ ներսի էջերուն մէջ, կամ կայքի յետին անկիւնի մը մէջ քանի մը տողով բաւարարուելու: Այսինքն, ատրպէյճանական կողմը փաստօրէն կրցաւ հայկական կարգ մը լրատուամիջոցներ ալ շահագործել իր քարոզչութեան համար…: Բայց սա արդէն ուրիշ խնդիր է՝ այլապէս քննելի:
Հայկական մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ վերաբերումը քաղաքականօրէն տհաս մակարդակի վրայ էին. զայրոյթն ու անէծքը շռայլօրէն թափուեցան Լուքաշենքոյի ու Ալիեւի գլխուն, փոխանակ քննելու հայկական ազդու հակազդեցութեան մը կարելիութիւնները:
Նոյնպիսի զգացական ու մինչեւ իսկ քաղաքական մտածողութեան անյարիր յայտարարութիւններ կատարուեցան Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, երբ ԱԺի փոխնախագահ Էդ. Շարմազանով յայտարարեց, թէ Լափշինի արտայանձնումը «հարուած է՝ ուղղուած Ռուսաստանի դէմ»: Մե՞նք մնացինք մտահոգուողը այս կամ այն երկրին հասած «հարուածով», երբ բո՛ւն թիրախը Հայաստանն ու հայութիւնն են… Ճիշդ հոս է, որ այս յօդուածագիրը չի կրնար ըմբռնել պաշտօնական Երեւանի կողմէ բուռն արձագանգի բացակայութիւնը ու ճիշդ հոս կը կայանայ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան անըմբռնելի լռութիւնը: Նախարարական մակարդակի հակազդեցութիւնը եկաւ արդարադատութեան նախարար Արփի Յովհաննիսեանէն. սակայն այդ յայտարարութիւնը օրինական հարթութեան վրայ էր՝ ինչպէս կը սպասուէր եւ ինչպէս բնական է ակնկալել այդ նախարարութենէն:
Հայկական կողմը պէտք է ըմբռնէ, որ Լափշինի հարցը իրավական չէ, այլ՝ քաղաքական, որուն թիրախը ինչպէս ըսինք՝ Հայաստանն ու հայութիւնն են:
Մենք, այսինքն հայկական կողմը, ինչ կրնանք ընել:
Հաշուի առնելով, որ Պաքու Լափշինը իբրեւ օրինակ յառաջ մղելով, կ՛ուզէ «զգուշացնել» բոլոր օտար շրջանակները, որ հեռու մնան Արցախէն եւ կ՛ուզէ կանխաւ «դաս» տալ բոլոր «անսաստողներուն», մենք այս բնագաւառէն ներս շատ գործ ունինք ընելիք:
Մեր գործը պիտի ըլլայ նոյն հարթութեան վրայ:
Այսինքն, կարելի եւ անհրաժեշտ է գործի լծել Սփիւռքի մէջ մեր կապերն ու շփումները մարդկային իրաւանց, լրագրողներու պաշտպան ու նման բազմաթիւ կազմակերպութիւններու հետ: Այս յօդուածագիրին կարծիքով, ճիշդ է, որ Պելոռուսն ու Լուքաշենքօն Արեւմուտքին համար սիրելի տարրեր չեն. ճիշդ է, որ Լուքաշենքօն արեւմտեան մամուլին համար «բռնատէր» եւ այլն է, սակայն այսօրուան տուեալներով (կը շեշտենք՝ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ տուեալներով), Պելոռուսը չի գտնուիր Արեւմուտքի թիրախներու ցանկին վրայ, այնպէս որ այդ երկրի դեսպանատուներուն դէմ հիմնական խնդիրը Պելոռուսը չէ: Արեւմուտքին համար, Պելոռուսի մէջ իշխանափոխութիւն փորձելու պահը տակաւին չէ հասած. մեզի համար այդ իշխանափոխութիւնը նպաստաւո՞ր է, թէ ոչ՝ ուրիշ խնդիր է: Բայց տակաւին նման բան չկայ Արեւմուտքի օրակարգին վրայ: Այնպէս որ, եկէք մոռնանք Լուքաշենքօն:
Փոխարէնը, եւ արդարօրէն, մեր քայլերուն թիրախը պիտի ըլլայ նոյնինքն Ատրպէյճանը:
Այս վերջինը Լափշինի հարցով ձեռնոց մը նետեց մեզի: Մենք պարտաւոր ենք վերցնելու այդ ձեռնոցը եւ աւելի ուժգին շպրտելու իր երեսին: Սա քաղաքականութիւն է, որ կը պարունակէ «փոքերի» մտածողութեան տարրեր: Տարբեր խօսքով՝ երբ խաղաքարտի մը հիման վրայ գրաւ կը դրուի, հակառակորդը կրնայ պատասխանել՝ կրկնապատիկը գրաւ դնելով:
Անիրապաշտ պիտի չ՛ըլլար առաջարկելը, որ քանի մը շաբաթ վերջ, բազմատասնեակ «լափշիններ» հրաւիրել Ստեփանակերտ, մեծ ու փոքր: Ոչ միայն Լափշինի մակարդակով ու տարողութեամբ, այլ մինչեւ իսկ լայն տարածում ունեցող լրատուամիջոցներու լրագրողներ եւ պաշտօնական հանգամանք ունեցող անձնաւորութիւններ, զանազան երկիրներէ: Համադրում ու համակարգում պահանջող այս աշխատանքը կարելի է հասցնել այն աստիճանի, որ անհեթեթ դառնայ Ատրպէյճանի կազմած որեւէ «սեւ ցուցակ»:
Չմանրամասնենք. հոս տեղը չէ մանրամասնութիւններու: Եւ այս մասին ինչքան քիչ խօսինք՝ այնքան լաւ: Որովհետեւ շատ գործ կայ ընելիք:
Լոս Անճելըս
10 Փետրուար 2017
https://archive.org/details/MSNBCW_20170207_020000_The_Rachel_Maddow_Show/start/357/end/417?q=russia
Beloruse – Russia serious problems and pro-West policies
We have to politicize Armenians in World politics and get them involved.
Read this anti-Russian Senate meeting.
http://www.foreign.senate.gov/imo/media/doc/020917_Breedlove_Testimony_REVISED.pdf
Արդէն շշուկներ կը շրջին, ( լու՞րջ թէ անանունի մը մէկ զուարթամտութիւնն է (հիւմըրը) , չեմ գիտեր) , որ Ազրպէյճանի սեւ ցանկին վրայ գտնուողները իբրեւ թէ պիտի փորձեն կազմակերպուիլ , որպէս զի հաւաքաբար Ստեփանակերտ երթան եւ հոն սարքեն black-list party մը…: Եթէ նոյնիսկ ըսուածը պարզ հիւմըրի մը համար նետուած խօսք է , այնուամենայնիւ կ’արժէ մտածել նմանատիպ միջոցառում մը կազմակերպելու հնարաւորութեան եւ նպատակայարմարութեան մասին…: