
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Շաբաթ, Փետրուար 4ին կայացաւ Հայ կրթական հիմնարկութեան կազմակերպութեամբ իրականացած միջդպրոցական ճարտասանական անդրանիկ մրցումը՝ Փասատինայի «Ամերիքըն Լիճըն» պատմական շէնքի գլխաւոր սրահին մէջ, աւելի քան 100 համակիրներու ներկայութեամբ։
Մրցանքին մասնակցեցան երկուքական աշակերտներ՝ հետեւեալ հինգ հայկական երկրորդական վարժարաններէն. ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան, Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարան, Մեսրոպեան Ազգային վարժարան, Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան եւ ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարան։
Նշեալ երկուքական աշակերտներէն մէկը իր ճառը ներկայացուց հայերէնով, իսկ միւսը՝ անգլերէնով։ Հայերէն ճառերուն նիւթն էր՝ «Քեզի համար ո՞վ է օրինակելի տիպար հայը», իսկ անգլերէնին՝ «Իբրեւ սփիւռքահայ, քեզի համար ինչո՞ւ կարեւոր է հայ ինքնութեան պահպանումը, եւ քու սերունդը ի՞նչ իրագործումներու պիտի հասնի հայ մշակոյթը զարգացնելու ջանքին մէջ»։
Հայերէնով ճարտասանութեան մրցանքի դատական կազմին մաս կը կազմէին դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան, Օշին Քէշիշեան եւ Զարեհ Սինանեան, իսկ անգլերէնով մրցանքին՝ Վիվիան Էքչեան, Արտի Քասախեան եւ Սոնա Մովսէսեան։
ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանէն Արի Էքմէճեան (12րդ դասարան) առաջին հանդիսացաւ հայերէնով ճարտասանական մրցումին, իսկ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանէն Արմոնտ Մնացականեան (11րդ դասարան)՝ անգլերէնով մրցումին։
Սոյն ձեռնարկին նպատակն է հայ աշակերտներուն մօտ զարգացնել հանրային ճառախօսութեան արուեստը, որ իրենց ապագայ ասպարէզներուն եւ անոնց միջոցաւ նաեւ՝ հայ համայնքի կեանքին մէջ յոյժ օգտակար կրնայ ըլլալ։
Հայ կրթական հիմնարկութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 242-4154 թիւին եւ aef@aefweb.org հասցէին, կամ այցելել aefweb.org կայքը։
