ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ, «Սի.Էն.Էն.».- Անցեալ շաբաթ Եմէնի մէջ տեղի ունեցած «Քայիտա»ի մէկ դիրքին վրայ ամերիկեան ձախողած զինուորական յարձակումին թիրախը՝ շրջանին մէջ նշեալ կազմակերպութեան ղեկավար Քասիմ Ռիմի, Փետրուար 7ին յայտարարած է, թէ նախագահ Տանըլտ Թրամփ «ապտակ մը ստացած է» Եմէնի մէջ, զայն կոչելով «Սպիտակ տան նոր ապուշը»։
Թրամփ արձակած էր իր պաշտօնավարութեան ընթացքին առաջին ամերիկացի զինուորին մահուան պատճառ դարձած այս յարձակումին հրահանգը, որուն իբրեւ հետեւանք սպաննուած էին մօտաւորապէս 30 զինեալներ եւ քաղաքայիններ, ներառեալ՝ առնուազն 11 կիներ եւ երեխաներ։ Վիրաւորուած էին նաեւ 4 ամերիկացի զինուորներ։