Րաֆֆի Տուտագլեան
Այս օրերուն, քաղաքական բոլոր ուժերուն գլխաւոր մտահոգութիւնն ու առաջնահերթութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն առաւելագոյն քուէներ ստանալն ու նոր կազմաւորուելիք Ազգային ժողովին մէջ ներկայութիւն ապահովելն է: Կայացած կուսակցութիւնները, որոնք ի դէպ ներկայ իշխանութեան մէջ են, կամ մօտիկ անցեալին իշխանութեան մէջ եղած էին, այլ ուժերու հետ դաշինքներ կնքելու կարիքը չեն զգար: Իսկ փոքր եւ նորակազմ քաղաքական խմբաւորումները, որոնք զուրկ են ազդեցութեան լծակներէ եւ չեն վայելեր ռուսահայ կամ հայաստանաբնակ սակաւապետներու (օլիգարխ) անդամակցութիւնը կամ աջակցութիւնը, դաշինքներ ու միացեալ ճակատներ կը կազմեն՝ ապագայ խորհրդարանին մէջ իրենց տեղը ապահովելու յոյսով: «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան հիմնադիր՝ մեծահարուստ Գագիկ Ծառուկեան հաւանաբար միակն է, որ ունենալով հանդերձ նիւթական հնարաւորութիւն եւ կուսակցական համապետական ներկայութիւն՝ որոշած է դաշինք կազմել այլ կուսակցութիւններու հետ:
Հետաքրքրական է, որ կուսակցութիւններու ընտրական դաշինքները չունին գաղափարական հենք: Օրինակ՝ Ծառուկեանի դաշինքին մէջ ընդգրկուած են աջ, ձախ, ընկերվարական, ազատական եւ անյայտ հայեացքներ ու գաղափարաբանութիւն ունեցող կուսակցութիւններ: Դաշինքներուն նպատակը, պարզապէս, ընտրական ուժ դառնալն ու խորհրդարանին մէջ տեղ գրաւելն է: Նոր Սահմանադրութեամբ, երկրի կառավարման մէջ խորհրդարանին դերը զգալիօրէն կը բարձրանայ, իսկ քաղաքական բոլոր ուժերուն համար Ազգային ժողովէն դուրս մնալ՝ կը նշանակէ լուսանցք մղուիլ եւ չունենալ որեւէ լուրջ դերակատարութիւն երկրի քաղաքական կեանքին մէջ:
Ընտրական նոր օրէնսգիրքով, Հայաստանը բաժնուած է ընտրական 13 տեղամասերու (Երեւանը՝ 4 տեղամաս, մնացեալ 9 մարզերը՝ իւրաքանչիւրը մէկ տեղամաս): Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան համամասնական ընտրակարգով, այսինքն՝ ժողովուրդը պիտի ընտրէ ոչ միայն անհատներ, այլեւ՝ կուսակցութիւններու ցուցակներ: Կուսակցական համապետական ցուցակներուն, սակայն, կցուած պիտի ըլլան նաեւ ընտրատարածքային ցուցակներ: Այլ խօսքով՝ կուսակցութիւն մը իր համապետական ընտրացուցակին կողքին, իւրաքանչիւր ընտրատարածքի մէջ պիտի ներկայացնէ նաեւ անհատ թեկնածուներ: Օրինակ, Լոռիի մարզին մէջ, ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւն մը կամ դաշինք մը պիտի ունենայ համապետական ցուցակ ու անոր հետ միասին՝ ընտրատարածքային առնուազն 5 անհատ թեկնածուներ: Ընտրողը, ուրեմն, պէտք է ոչ միայն իր նախասիրած կուսակցութեան քուէարկէ, այլեւ՝ այդ կուսակցութեան ընտրատարածքային թեկնածուներուն. (http://www.arlis.am/DocumentView.aspx?DocID=109081)։
Բազմաթիւ դիտորդներ մտահոգութիւն յայտնած էին, որ կուսակցական ցուցակներուն կողքին անհատներու թեկնածութիւն դնելը պարզապէս մեծամասնական ընտրակարգի վերարտադրութիւնն է՝ համամասնականի անուան տակ…
Միւս կողմէ, նոր օրէնքները կը դժուարացնեն ընտրախախտումները, որոնք ահաւոր մակարդակներու հասած էին Հայաստանի մէջ: Այժմ, նկարահանող սարքեր պիտի տեղադրուին շուրջ 1500 տեղամասերու մէջ. ընտրութիւններէն ետք քուէարկողներու անուանացանկերը հասանելի պիտի ըլլան քաղաքական ուժերուն: Նաեւ, աւելի իրազեկ, երիտասարդ եւ աշխոյժ դիտորդներ պիտի հետեւին ընտրութիւններու ընթացքին: Պարզապէս, շատ դժուար պիտի ըլլայ քուէատուփերու լցոնումները, կրկնակի քուէարկութիւնները, ընտրական յանձնաժողովներու խարդախութիւնները: Հիմա, սակայն, ի գործ կը դրուին այլ լծակներ, որոնց մէջ ամէնէն կարեւորը՝ փո՛ղն է: Արդէն իսկ կանխիկ գումարներ կը շրջագային գրեթէ բոլոր ընտրատարածքներուն մէջ: Այս մասին՝ յաջորդ նամակով:
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com
Election procedure presented in this article is technically right but details are not presented clearly. As I have been in Yerevan for last two and half months, I have attended few presentations where details of the elections were explained.
Each voter will be given a package which will contain papers for each party that is participating in the elections. On the back of these forms there will be two lists each containing names. The list on the right side is fixed but other one is open to be voted and it is called “rating” list. Each voter will first select a party and then from the “rating” list on the back of the form will select only one name. The fixed list is same throughout the country but the list on the left side is different for each region.
Say a party brings enough votes to have 10 representatives in the parliament. Five of these representatives will be the five top names from the predetermined fixed list. Then votes for the “rating” list will be added and five from that party that have the highest vote for the entire country will be chosen. In another word, party members are competing among themselves to collect the most votes but one cannot vote for a candidate that is on the list which is outside his region.
A rich person can still campaign to get votes if his name is on the list but whoever is going to vote for that person must also vote for the party that he belongs to. A person may get the highest votes in his region but he may still not get elected as there could be others in the same party in other regions that will have more total votes than that candidate.
It sounds somewhat complex system and I hope it will work. The main concern is how will people vote for the “rating” list. If someone checks for more than one name, then that ballot will not be counted.
Areg Gharabegian