ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Երկուշաբթի, 6 Փետրուարին, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, թշնամիին գնդակով մահացու վէրք ստացած է ՊԲ զինուոր, 1997ի ծնունդ Գոռ Համազասպի Գարեգինեանը:
«ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն», ըսուած է ՊԲի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Նահատակ զինուոր Գոռ Գարեգինեան Ախուրեանի տարածաշրջանի Շիրակ համայնքէն էր, ընտանիքի աւագ որդին: Շիրակի գիւղապետ Խորէն Յարութիւնեան յայտնած է, որ Գոռը երկու անչափահաս եղբայր ունի:
«Գոռը բանակ էր զօրակոչուել անցած տարի աշնանը: Նրանց ընտանիքն արդէն երկար ժամանակ է հանրապետութիւնում չի գտ-նւում, Ռուսաստան էին տեղափոխուել, որովհետեւ այստեղ ապրել չէին կարողանում, տնակում էին ապրում», ըսած է գիւղապետը:
Նշենք, որ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան նահատակ Գոռ Գարեգինեանը յետ մահու պարգեւատրած է «Մարտական Ծառայութիւն» մետալով: