ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հրապարակած է յատուկ հաշուեհամարի մուտքերուն եւ ելքերուն (ծախսերուն) վերաբերեալ ընդհանրական հաշուետուութիւնը՝ 2017ի Յունուար 1ի դրութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»ը՝ վկայակոչելով Արցախի կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութիւնը.
«2016ի Ապրիլ 4ն մինչեւ 2017ի Յունուար 1 7903 ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերու կողմէ կառավարութեան յատուկ հաշուեհամարին փոխանցուած է, ընդհանուր առմամբ, 5,484,130,100 ՀՀ դրամ: Ըստ արժոյթի՝ փոխանցումները բաշխուած են հետեւեալ կերպով՝ 2,519,339,800 ՀՀ դրամ, 5,032,601 ամերիկեան տոլար, 180,428 եուրօ եւ 62,631,827 ռուբլի:
Սոյն թուականի Յունուար 1ի դրութեամբ՝ հաւաքագրուած գումարներէն եւ կառավարութեան արտապիւտճէթային հաշիւէն տարբեր նշանակութեան ծախսեր կատարուած են՝ ընդհանուր առմամբ, 6,003,654,100 դրամի չափով, որոնք արտայայտուած են հետեւեալ ընդհանրական տողերով.
– Փոխանցում ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ 1,359,862,200 ՀՀ դրամ: Այդ միջոցները տնօրինած է պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ ըստ իր կարիքներուն եւ առաջնահերթութիւններուն:
– Ռազմական նշանակութեան սարքաւորումներու ձեռքբերում՝ 1,458,724,500 ՀՀ դրամ:
Առաջնագիծի ամողջ երկայնքով տեղադրուած այդպիսի սարքաւորումները բարձրացուցած են դիրքերու պաշտպանունակութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ՝ հակառակորդին տեղաշարժի վերահսկման հնարաւորութիւնները՝ թէ՛ մերձակայ եւ թէ հեռու տարածութիւններու վրայ, թէ՛ ցերեկային եւ թէ գիշերային պայմաններու մէջ:
– Երկրաչափական աշխատանքներու կատարում՝ 1,144,556,400 ՀՀ դրամ: Այս աշխատանքները ներառած են ե՛ւ առաջնագիծի, ե՛ւ թիկունքային ամրութիւններու կառուցում եւ բարեկարգում:
– ՊԲ կարիքներուն համար ենթակառուցուածքներու, փոխադրամիջոցի ու կապի ծառայութիւններու եւ ընդհանուր ծախսերու իրականացում՝ 1,012,035,600 ՀՀ դրամ: Այս ծախսերուն միջոցով բարելաւուած են առաջնագիծին սպասարկող ենթակառուցուածքները եւ արդիականացուած են կապի միջոցները:
– Զօրակոչուած քաղաքացիներուն եւ կամաւորականներուն դրամական աջակցութեան տրամադրում՝ 1,028,476,400 ՀՀ դրամ: Ֆինանսական աջակցութիւն տրուած է ԼՂՀ գրանցում ունեցող այն կամաւորներուն, որոնք կա՛մ գործազուրկ-ինքնազբաղուած էին եւ որոշ եկամուտ կորսնցուցած կամաւորութեան ընթացքին կամ հաստատագրուած գումարի չափէն աւելի ցած աշխատավարձ կը ստանային:
Նշենք, որ, ընդհանուր առմամբ, յատուկ հաշուեհամարին մէջ հաւաքագրուած միջոցներէն ծախսուած է շուրջ 520 միլիոն դրամ աւելի գումար, որ ուղղուած է կառավարութեան արտապիւճէթային հաշիւէն:
Բացի կառավարութեան յատուկ հաշուեհամարին մէջ հաւաքագրուած գումարներով կատարուած աշխատանքներէն տարբեր ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձեր եւս առանձին աջակցութիւն ցուցաբերած են յատկապէս արհեստագիտական միջոցներու, մեքենաներու եւ անհրաժեշտ այլ պարագաներու տրամադրման տեսքով: Իսկ երկրաչափական աշխատանքներուն զգալի մասը կատարած են շինարարական մասնաւոր ընկերութիւնները՝ կառավարութեան կողմէ իրենց ծախսերու մասնակի փոխհատուցումով:
Տեղեկացնենք, որ կառավարութիւնը Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ օրինապահպանութեան մշտական յանձնաժողովին եւ խմբակցութիւններու ղեկավարներուն ներկայացուցած է աւելի մանրամասն հաշուետուութիւններ, որոնք կը ներառեն նաեւ հանգանակուած գումարներու ծախսին վերաբերեալ գաղտնի տեղեկութիւններ:
Կառավարութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր այն անձերուն, որոնք իրենց նուիրատուութիւններով հնարաւոր դարձուցած են ներկայացուած աշխատանքներու իրականացումը: Մենք մեծապէս կարեւոր կը համարենք մեր գործունէութեան թափանցիկութիւնն ու հաշուետուողականութիւնը՝ պատրաստ ըլլալով հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ ներկայացնել հանրութեան յատուկ հաշուեհամարի միջոցները ծախսելու մանրամասնութիւնները:
Նշենք, որ հանգանակութիւնը բաց է, եւ բոլոր ցանկացողները կրնան դրամական փոխանցումներ կատարել հետեւեալ առցանց հարթակով (վիզա, մասթըր եւ արքա քարտերով)՝ http://minfin֊nkr.am/?section=payameria/index»: