ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- 2015 տարուան հետ համեմատած 2016ին Հայաստանի մէջ ծնունդներու թիւը նուազած է 2.7 տոկոսով: 2016ի Յունուար-Դեկտեմբեր ամիսներուն ընթացքին հանրապետութեան տարածքին արձանագրուած է 40,638 ծնունդ: 2015ի հետ համեմատած գրեթէ 14 տոկոսով նուազած են մեռելածնութեան դէպքերը:
Չորեքշաբթի, Փետրուար 1ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին վիճակագրական տուեալներ ներկայացուցած է Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժինի պետ Կարինէ Գույումճեան:
«Նախնական ցուցանիշներով, աղջիկ-տղայ յարաբերակցութիւնը կազմել է 112 տղայ/100 աղջկայ հաշուով:
Նախորդ տարիներին տղաների ցուցանիշը 113 էր, մի փոքր փոփոխութիւն կայ», յայտնած է Գույումճեան:
Ծառայութեան ներկայացուցիչին տուեալներուն համաձայն՝ 2015ի հետ համեմատած 2016ին 0.9 տոկոսով աւելցած են մահուան դէպքերը:
«Բնական յաւելաճը կազմել է 12,509, այսինքն՝ այսքանով աւելի շատ ծնունդներ են գրանցուել, քան մահուան դէպքեր», յայտնած է Գույումճեան:
Ծնելիութեան ամենաբարձր ցուցանիշը արձանագրուած է Երեւանի, իսկ ամէնէն ցածը՝ Սիւնիքի եւ Տաւուշի մէջ:
Մահացութեան առաւել բարձր ցուցանիշներ արձանագրուած են Լոռիի, Շիրակի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ, իսկ ցած ցուցանիշ՝ Գեղարքունիքի տարածքին: