ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Մշակութային Հիմնարկութիւնը որոշած է իր այս տարուան գլխաւոր ձեռնարկին ընթացքին պատուել մեր համայնքին, Արցախի ու Հայաստանի մէջ իր բազմաթիւ բարեգործութիւններով յայտնի Յակոբ Պաղտասարեանը:
Համայնքէս ներս մշակութային, կրթական ու երիտասարդական ծրագիրներու հովանաւոր Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան տարեկան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 19ին, երեկոյեան ժամը 5ին, Beverly Hills պանդոկի Rodeo Ballroom-ին մէջ:
«Յակոբ Պաղտասարեան եւ, անշուշտ իր կողքին կանգնած տիկին Հիլտան, իրենց հասարակական գործունէութեամբ, մեր ազգային կառոյցներուն ցուցաբերած նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեամբ, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ բազմապիսի բարեգործութիւններով, յատկապէս կրթութեան գործին բերած նպաստով, նուաճած են մեր յարգանքը եւ մենք մեր երախտագիտութիւնը կ՛ուզենք յայտնել` պատուելով զինք մեր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին», յայտնեց ճաշկերոյթի կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Էլօ Պօյաճեան:
Այս առթիւ, «Ասպարէզ» հարցազրոյց մը ունեցաւ պարոն Պաղտասարեանի հետ: Հարցազրոյցը պիտի հրատարակուի Շաբաթ, 4 Փետրուարի մեր թիւին մէջ:
Սոյն ճաշկերոյթին տոմսեր ապահովելու համար կրնաք հեռաձայնել Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան գրասենեակ, Արմինէին՝ (818)243-1890 թիւով: