ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետարանը 2013 թուականին, խախտելով նահանգային օրէնքը՝ բարձրացուցած էր քաղաքի ելեկտրական սակը։
Անցեալ Ուրբաթ օր, Լոս Անճելըսի Գերագոյն ատեանի դատաւոր Ճէյմս Չալֆանթ անօրինական յայտարարեց Կլենտէյլ քաղաքի սոյն քայլը եւ պարտադրեց քաղաքին, որ իր բնակչութեան հատուցէ 57 միլիոն տոլար գումար մը:
Այս հարցով դատարան դիմած էր Կլենտէյլի կառավարումը բարեփոխելու նպատակով կազմուած համախմբումը, որ դատարանէն պահանջած էր Կլենտէյլի քաղաքապետարանին պարտադրել, որ քաղաքի բնակչութեան վերադարձնէ ելեկտրականութենէն ապահովուած 85 միլիոն տոլար գումարը, զոր քաղաքը անօրինաբար մտցուցած էր իր պիւտճէին մէջ:
Կլենտէյլի քաղաքապետարանի խորհուրդը այժմ պէտք է քննէ այս հարցը եւ որոշէ, եթէ կ՛ուզէ վերադատ ատեան դիմել, թէ՝ անմիջապէս ենթարկուիլ Գերագոյն դատարանի որոշումին ու գործադրել նշեալ գումարին բաշխումը քաղաքացիներուն: