Մ. Լ.
Յունուար 24էն Փետրուար 4, Փարիզի 5րդ թաղամասի քաղաքապետարանի «Rene Capitant» սրահին մէջ կը ցուցադրուին գեղանկարիչ Իզապէլ Մանուկեանի «Les parquets du Louvre» թեմային շուրջ յօրինուած գործերը:
«Այս շարքին մէջ, ի մէջ այլոց, արծարծած եմ կրօնական թեման՝ զանց առնելով տարածութիւններու եւ ժամանակի ընդունուած չափանիշերը: Եթէ նկատի չունենանք քանի մը բացառութիւններ՝ բոլոր կերպարներս զետեղուած են չբացայայտուած սահմանի մը մէջ: Այս «առեղծուածը» լուծելու միակ բանալին գունաւոր շերտերն ու շեղակի գիծերն են, որոնք երբեմն յատակի կամ պատի դերը կատարելով (Լուվրի) տախտակամածի պատրանքը կու տան, կ՛ըսէ արուեստագիտուհին:
Ան ծնած է 1969ին, Ֆրանսա: Կիրառական արուեստի դպրոցէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք իր գեղանկարչական երթը շարունակած է Գեղարուեստի հիմնարկի Մոնփարնասի եւ Կլասիէրի աշխատանոցներուն մէջ: 2002ին շրջանաւարտ եղած է «Փարիզ 8» համալսարանէն՝ կատարելագործելով «Ար Փլաստիք»ի (Arts Plastiques) ճիւղը: 2004ին կը յայտնաբերէ պարսկական մանրանկարչութիւնը եւ հինգ տարի շարունակ կ՛ուսանի պարսիկ մասնագէտ Ապպաս Մօայէրիի մօտ: Այդ արուեստին մէջ արտացոլուած գոյներու առանձնայատուկ մօտեցումը, որ համատեղուած է գիծի ճշգրտութեան հետ, մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Մանուկեանի ապագայ գործունէութեան վրայ: Ատկէ ալ ծնունդ կ՛առնէ «Փոքրիկ Աստղը» խորագրուած ջրաներկ-խէժանկարներու շարքը, հիմնուած կենդանակերպ նշաններու վրայ, որոնք ծննդեան այլաբանական դրսեւորումներ են:
«Գեղանկարչութեանս մէջ ստեղծած եմ արուեստի պատմութեան ի՛մ սեփական կրօնական դիցաբանութիւնը՝ առաջադրելով առօրեայի կերպարները: Նկարներուս խորքը զարդարած երիզները ներշնչուած են Լուվրի տախտակամածէն, որոնք միաժամանակ թէ՛ կը կերպարանափոխեն պատկերը, թէ՛ ալ պատմութեան իմաստը կը յատկանշեն», կ՛ընդգծէ նկարիչը:
Երկուշաբթի, Յունուար 23ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Իզապէլ Մանուկեանի ցուցահանդէսին բացումը:
Քաղաքապետուհի Ֆլորանս Պերթու խօսք առնելով՝ ըսաւ, թէ ինք ասկէ առաջ քանի մը անգամ առիթ ունեցած է այցելելու Մանուկեանի այլ վայրերու մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսները եւ կրնայ հաստատել, թէ բարդ ու երկարատեւ աշխատանքի արդիւնք են նկարիչին գեղեցիկ ու ինքնատիպ գործերը: Իսկ 2010-2014ի միջեւ ստեղծագործուած «Les parquets du Louvre» 30 պաստառներու շարքին «ծննդեան պատմութիւնը» հաճելի անակնկալ էր իրեն համար: Արդարեւ, ինչպէս քիչ ետք բացատրեց Ի. Մանուկեան, գաղափարը յղացած է այն օրը, երբ դիտած է շարք մը նկարներ, ուր իրենց դպրոցի տնօրէնին առաջնորդութեամբ խումբ մը երախաներ Լուվր այցելութեան ժամանակ թանգարանի տախտակամածին վրայ ծնրադիր կայսրուհի Ժոզէֆինի թագադրութիւնը կը ձեւացնէին՝ Դաւիթի հսկայական պաստառին առջեւ… «Այս պատկերները իմ մէջ արթնցուցին զօրաւոր զգացումներ: Շարժեցաւ գեղագիտական հետաքրքրութիւնս՝ նկատելով, որ այդ փոքրիկները ֆիզիքապէս եւ անգիտակցաբար իւրացուցած ու սեփականացուցած էին աշխարհի ամէնէն նշանաւոր թանգարանը: Որոշեցի ես ալ իրենց նմանիլ… եւ սկսայ նկարելու», նշեց արուեստագիտուհին: Ապա հրաւիրեալները առիթը ունեցան դիտելու երկու յարկերու պատերէն կախուած Մանուկեանի մեծադիր եւ իւրայատուկ կտաւները, որոնցմէ յիշենք քանի մը անուններ. «Le couronnement de la Vierge», «St. Michel et le Dragon», «Marie Madeleine au miroir», «Le voile de Veronique», «Les douze apօtres» եւ «Les pelerins dEmmaus»։
Աւարտին, ներկաները հիւրասիրուեցան եւ մտերմիկ զրոյց ունեցան շնորհալի արուեստագիտուհիին հետ: