ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մշտապէս պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող Հայաստանի ազգային-քաղաքական շրջանակներուն մէջ, որոնց շարքին նաեւ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, արդար մտահոգութիւն է կանխել այնպիսի գործողութիւններ, որոնք կրնան երկիրը նոյնիսկ մէկ վայրկեան անկառավարելի դարձնել:
Այս մտահոգութենէն մեկնած, այս շրջանակները, ներառեալ՝ ՀՅԴն, վերապահութեամբ կը հետեւին Հայաստանի մէջ գործող ոչ-կառավարական այն կազմակերպութիւններու գործունէութեան, որոնք կը հովանաւորուին գունաւոր յեղափոխութիւններ խրախուսող կառոյցներէ:
Այս մտահոգութիւնը վիճելի չէ՛: Դժբախտութիւնը այն է, որ այդ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները, իրենց յայտարարած համամարդկային իրաւունքներու ջատագովի դերով իրենց շուրջ կը հրապուրեն այդ գաղափարներով ներշնչուած երիտասարդներ: Բացառուած չէ, որ մարդկային իրաւունքներու կամ բնութեան պաշտպանութեան լծուած այդ կազմակերպութիւններուն մէջ ըլլան բնական տարերքով՝ այլ հաշիւներու չծառայող միաւորներ. բացառուած չէ նաեւ, որ օտար աղբիւրներէ սնուող կառոյցներուն մէջ ըլլան միայն վեհ համոզումներով գործող շարքային բազմաթիւ անդամներ, որոնք չեն պատկերացներ, թէ ի՛նչ շահարկումներու գործիք կրնան դառնալ:
Փա՛ստ է, որ Հայաստանի ընտրութիւններուն ժամանակ, կեղծիքներու դէմ բարձրախօսողներու շարքին են ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները, որոնց կողմէ լիազօրուած դիտորդները կը հետեւին, կ՛արձանագրեն եւ ազգային ու միջազգային հանրութեան կը ներկայացնեն իրենց զեկոյցները, մէկ մասը՝ պատուիրուած շեշտադրումներով, միւս մասն ալ անշուշտ՝ հարազատ պատկերով:
Նկատի ունենալով, որ այս կազմակերպութիւնները ունին փորձ եւ ենթակառոյց՝ կատարելու դիտորդական աշխատանք, նաեւ նկատի ունենալով, որ անոնց բառամթերքը ընդհանրապէս հաշտ է սփիւռքեան եւ յատկապէս արեւմտեան միջավայրի մէջ ապրող հայ երիտասարդութեան, դիտորդական նպատակներով Սփիւռքէն Հայաստան մեկնող երիտասարդներուն համար բնական պիտի ըլլայ միանալ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն՝ անոնց հանդէպ եղած տեղական վերապահութիւնները հրաւիրելով նաեւ իրե՛նց վրայ:
Նկատի առնելով խորհրդարանական այս ընտրութիւններուն ռազմավարական նշանակութիւնը, նկատի առնելով նաեւ համակարգային փոփոխութեան ուղղութեամբ այս ընտրութիւններուն վրայ դրուած յոյսերը, կարեւոր կը դառնայ, որ անոնց օրինականութեան ու արդարութեան հսկողները ըլլան ազգային մտահոգութիւններով առաջնորդուողներ, որոնց կարգին՝ Սփիւռքէն գացողները կրնան կարեւո՛ր դեր ունենալ:
Այս նկատառումով, Սփիւռքէն մեկնողները պարտին ուշադիր ըլլալ, պարտին առաւելագոյնս ինքնուրոյն աշխատելու հնարաւորութիւններ ստեղծել, որպէսզի իրենց եզրակացութիւնները անքննելի ըլլան բոլորին կողմէ:
Շնորհակալութիւն Աբօ՛, որ այս հարցը, այս բովանդակութեամբ կ’արծարծես եւ «վիճելի չէ՛»ն կը շեշտաւորես: Երանի խմբագրականի մը կշիռքով ըլլար ատիկա եւ առօրեայ անցուդարձի մը կաղապարէն վեր:
Միշտ յիշենք, որ օտար պետութիւններու այսպէս կոչուած «օգնութիւնները» երբ գիւղատնտեսութեան, ճարտարարուեստի, կրթութեան ենթակառոյցները զարգացնելու անմիջականօրէն չեն ուղղուիր, այսինքն՝ մշակին, բանուորին ու մտաւորականին, այլ կը հասցէագրուին «գունաւոր» կազմակերպութիւններուն ու քաղաքացիական հասարակութիւն իբրեւ թէ ձեւաւորել ուզողներու, բայց ճիշդ հակառակը մտադրողներու եւ գործադրողներու, անվարան վտանգը կանխելու քայլերը առնե՛նք եւ «գունաւոր»ի անունին տակ արիւնահեղութիւնը արգիլե՛նք, միասնաբա՛ր: