ԵՐԵՒԱՆ.– Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 27 Յունուարին կայացած ճեպազրոյցին ընթացքին, անդրադառնալով Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումներուն՝ իր հայ եւ ատրպէյճանցի պաշտօնակիցներուն հետ, նշած է, որ բանակցութիւններուն՝ հասարակութեան համար հասանելի մասը արդէն տարածուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ, եւ ինք որեւէ նոր բան պիտի չաւելցնէ: Այս մասին կը գրէ Լիլիթ Մուրադեան։
Զախարովա միայն ըսած է, որ «թեման շատ զգայուն է: Բանակցութիւնները ընթացած են կառուցողական հունով, քննարկուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման տարբեր ու ճշգրիտ գաղափարներ»:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցով նոր հանդիպումներու կայացման՝ Զախարովան նշած է, որ ժամանակացոյցը չէ կազմուած տակաւին։
«Անշուշտ, նոր հանդիպումներ պիտի ըլլան: Այս նիւթը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան առաջնահերթութիւններէն է, ուստի այդ հարցով կապերը պիտի շարունակուին», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը: