ՆԱՐԵԿ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր քաղաքական ու դիւանագիտական որոշումները կ՛ընդունուին իբրեւ վերջնական ու վճռական առաջնորդութիւն: Ամէն երկիր ենթակայ է իր կառավարութեան, իսկ մարդ արարածը, իբրեւ միջազգային անհատ, ենթակայ է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ), որ պարտաւորուած է լուծել աշխարհի ամէնէն կարեւոր ու ճգնաժամային խնդիրները:
Որպէսզի երիտասարդութիւնը հասկնայ իր ապագայ ղեկավար ըլլալու դերը, տեղեկանայ միջազգային այժմէական խնդիրներու մանրամասնութիւներուն մասին եւ հմտանայ բանակցելու վարպետութեան մէջ, ստեղծուած է «Model ՄԱԿ» մրցումը:
Այս աշակերտական ծրագիրը կը գործածէ իսկական ՄԱԿը՝ իբրեւ նմոյշ, ու անոր հիման վրայ, կարգ մը մանր փոփոխութիւններով՝ երիտասարդներուն առիթ կ՛ընծայէ, որ մշակեն իրենց քաղաքական տաղանդը: Իւրաքանչիւր մասնակցող կը ներկայացնէ աշխարհի զանազան երկիրներ՝ անոնց տնտեսական, քաղաքական, ընկերային հարցերով, ապա զանոնք համադրելով կ՛եզրակացնէ հաւանական լուծումներ: Թէեւ մրցոյթի աւարտին մրցանակներ կը բաժնուին, սակայն առաջնահերթ նպատակը կը կեդրոնանայ աւարտին ձեռք բերուած քաղաքական փորձառութեան վրայ:
Հետեւաբար, հպարտ եմ տեղեկացնելու, որ Ֆերահեան Ազգային վարժարանը, տասնվեց աշակերտներով, առաջին անգամ ըլլալով մաս պիտի կազմէ իւրայատուկ այս փորձառութեան: Ոչ միայն Ֆերահեանի, այլ բոլոր հայկական դպրոցներու պատմութեան մէջ ասիկա աննախընթաց աշխատանք մը կը նկատուի:
Ուրեմն, Ֆերահեան Ազգ. վարժարանի խումբը Մարտ 18ին պիտի մեկնի Ճափոն, մասնակցելու համար Խաղաղական ովկիանոսի աշխարհամասի «Model ՄԱԿ» մրցումին, եւ հոն պիտի ունենայ եռօրեայ աշխատանքային ծրագիր մը: Հակառակ «Ֆերահեան»ի աշակերտութեան բազմաթիւ պարտականութիւններուն, անոնք կրցան կազմակերպուիլ եւ պատրաստուիլ այս ժողովին:
Անցած քսան տարիներուն, Ֆերահեան Ազգ. վարժարանը յաճախ մասնակցած է «Model ՄԱԿ»ի տեղական մրցոյթներու, սակայն այս բացառիկ առիթին շնորհիւ, Ֆերահեան վարժարանի խումբը փորձառութիւնը պիտի ունենայ մասնակցելու եւ խորհրդակցելու բոլորովին նոր երկիրի մը մէջ՝ բոլորովին նոր տեսանկիւններէ մօտեցող երիտասարդներու հետ:
Տեղին է նշել, որ այս ոսկէ առիթը ստեղծուեցաւ՝ շնորհիւ տքնաջան աշխատանքներուն վարժարանիս 2013ի շրջանաւարտ Շուշան Կինոսեանի, որ անձամբ պիտի պաշտօնավարէ այս համաժողովը:
Յոյսով ենք, որ այս առաքելութիւնը կը կատարենք մեծ յաջողութեամբ եւ կը վերադառնանք՝ գիտութեամբ ու օգտաշատ փորձառութեամբ օժտուած: