ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Դարերով, հայը երազած եւ տենչած է իր հայրենի հողին վրայ ապրիլ ազատ եւ անկախ, ապա նաեւ՝ ունենալ պետականութիւն ու յատկապէս բանակ: Այսօր այդ դարաւոր փափաքն ու իղձը արդէն իսկ իրականութիւն են, որովհետեւ մեր երկրի խաղաղութեան եւ անոր սահմաններու պաշտպանութեան համար կեանքի կոչուած է հայկական ազգային բանակը, որ արդէն իսկ 25 տարեկան է:
Համազգային ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը դիմաւորենք մեր զինեալ ուժերուն ծննդեան այս պատմական ու յիշատակելի տարեդարձը: 25 տարիներ առաջ, մեր ազատ եւ անկախ հայրենիքին մէջ բանակաշինութիւն տեղի ունեցաւ, եւ այս ձեւով մեր ժողովուրդը իր ինքնութեան գոյութիւնը կրկին անգամ երաշխաւորեց:
Յստակ է, որ երկրի մը բանակը իւրայատուկ առաքելութիւն ունի զինք ստեղծող կամ հիմնող երկրի ժողովուրդին ու անոր ապրած հողատարածքի պահպանման նկատմամբ: Ուստի, կը կարծեմ, որ Հայկական Բանակի Օրուան յիշատակումը, առաջին հերթին, մեր երկրին խաղաղութիւնը գնահատող եւ անոր սահմանները ապահով պահողները երախտագիտութեամբ յիշելու օրն է: Որովհետեւ, մեր երկրին բանակը՝ մեր պատի՛ւն է։ Կասկածէ դուրս է, որ մեր բանակը նաեւ կարգապա՛հ մարդոց տեղ է, որուն ծառայողը լաւատեղեակ է հայրենի հողի արժէքին ու իմաստին, իր պապերու երկրին մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ անոր պաշտպանման: Իսկ եթէ բանակի մը հիմնական կորիզը իր անդամներն են, ապա, հետեւցնելով կրնանք ըսել, թէ բանակի մը գլխաւոր հիմքը՝ ընտանի՛քն է:
Միւս կողմէ, սակայն, պէտք է նաեւ աւելցնել, որ ազգեր, պետութիւններ, ժողովուրդներ, ոչ միայն իրենց երկրի խաղաղութեան գաղափարէն, այլեւ նոր հողատարածքներ ձեռք ձգելու որդեգրումներէն ու ծրագիրներէն մեկնած՝ առաջին իսկ հերթին մեծ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են իրենց երկրի բանակը, անոր մարդուժի քանակն ու որակը, անոր հզօրացման աշխատանքները: Անոր շարքերուն մի՛շտ կարգապահութիւն սահմանած ու պարտադրած են: Նոր զէնքերով եւ մարդուժով զինած են զայն: Մի՛շտ մօտէն հսկած ու ամէն գնով հոգացած են անոր ամէն տեսակի պահանջներն ու կարիքները:
Գալով մեզի, իբրեւ անկախ պետութիւն եւ պետականութիւն՝ ամէն տարի Յունուար 28ին, հրապարակային կերպով կը նշենք եւ միշտ պիտի նշենք մեր ազգային բանակի հիմնադրութեան թուականը: Քառորդ դար առաջ ծնած հայ մանուկը, այս օրերուն ծառայած է կամ տակաւին կը ծառայէ իր ազգային բանակին…
Ի՜նչ հպարտութիւն եւ ուրախութիւն:
Վստահօրէն կրնանք ըսել, թէ ունինք հզօր եւ մարտունակ բանակ, որ իւրաքանչիւր հայուն ազգային գիտակցութիւն կը ներշնչէ:
Չե՛նք կրնար անտարբեր մնալ:
Այսօր խոր յարգանքով կը յիշենք Արցախեան պատերազմին ընթացքին մեր բանակին ձեռք ձգած յաղթանակները: Աւելին, չենք կրնար չյիշել նաեւ քառօրեայ պատերազմին ժամանակ հայ զինուորին քաջարի ծառայութիւնը, օրինակելի գիտակցութիւնն ու խիզախութիւնը, անոր մարտունակութիւնը եւ հայրենի հողի ազատութեան ի խնդիր անոր թափած սուրբ արիւնը։
Այս բոլորին կողքին, անպակաս են նաեւ անոր ամէնօրեայ սխրալի առիթներն ու երեւոյթները, որոնք հպարտութիւն կը ներշնչեն մեր բոլորին, եւ վառ յոյս՝ մեր հայրենիքի փայլուն ապագային հանդէպ:
Սփիւռքի տարածքին թէ հայրենի հողերուն վրայ ապրող ու գոյատեւող հայեր, մենք մեր կեանքի հեւքին հետ միատեղ միշտ մօտէն կը հետեւինք մեր բանակի լուրերուն ու անոր տագնապներուն: Կը լսենք անոր «խնդիրներ»ն ու «բացթողումները»: Սակայն, անկեղծօրէ՛ն, մեր այս տողերը պարզ պաշտամունքի մը ծնունդը չեն միայն, այլ մեր բանակին հանդէպ մեր ունեցած ամուր հաւատքը, որ մեր երկիրը դէպի լուսաւոր ճանապարհ կ՛առաջնորդէ: Մեծ գուրգուրանքի եւ պաշտամունքի առարկա՛յ է հայ բանակը: Ո՛չ մէկ կասկած եւ տարակուսանք:
Ուստի, անսակա՛րկ պէտք է զօրակցիլ անոր: Միշտ արդիական դարձնել, զինել ու պահել: Մասնագէտներով օժտել: Անոր աջակցիլ եւ ցաւերուն կարեկցիլ: Անոր կողքին մնալ ու գործնականօրէն զօրավիգ կանգնիլ: Վստահութիւն եւ հաւատք ներշնչել անոր, եւ այդ ձեւով ամրապնդել նաեւ մե՛ր յոյսերը:
Քաջութիւն, նուիրում եւ հերոսութիւն մեզ դարերէ ի վեր առաջնորդած են դէպի առաջ, դէպի խրոխտ յաղթանակներ եւ յաւիտենականութիւն: Ահա՛ թէ ինչու եւ ինչպէս մեր բանակի անձնազոհ զինուորներով ու մարտիկներով յաղթանակներ կոթողուեցան:
Մեր ժողովուրդը, պատի՛ւ իրեն, միշտ բարձր գնահատած է հայ բանակի, հայ զինուորի ու ազատամարտիկի հայրենասիրական ոգին: Տագնապած ու մտահոգուած է անոր ներքին ու արտաքին հարցերով, սակայն երբե՛ք չէ յուսահատած, այլ ընդհակառակն, մի՛շտ խանդավառուած է անոր յաջողութիւններով: Որովհետեւ ազգովին հաւատացած ենք, որ մեր բանակին մէջ ամրօրէն խարսխուած է հայ ժողովուրդի յաւերժութեան հաւատամքը: Որովհետեւ մեր բանակը նաեւ իր մէջ պահ ունի իր կոչումին յատուկ սրբազան հայակերտ առաքելութեան նշանակութիւնը:
Հա՛յ ենք, ու պատմութիւնը վկայ, որ իբրեւ բանակ՝ համայն ժողովուրդով, մեր այրուձիով, մեր մեծով ու պզտիկով, միշտ կռուած ենք կեանքի, ազատութեան ու մահուան համար:
Ուստի, պարտաւոր ենք ամէ՛ն առաւօտ շնորհակալութիւն յայտնելու անոր թափած արեան սրբազան կաթիլներուն, մաղթելու առողջութիւն, համբերութիւն, ուժ եւ կորով անոր բազուկին, անոր իւրաքանչիւր զարկին:
Հայկական բանակն ու անոր անպարտելի մարտիկներն են, որոնք այսօր խաղաղ երկինք կ՛ապահովեն մեր հայրենիքին: Այս բոլորը՝ որովհետեւ անոնց հրեղէն սիրտերուն եւ ամուր կամքին մէջ սիրո՛վ կ՛ապրի Նժդեհեան ոգին:
Այսօր, նոյն այդ բանակի սեփականութեան հրճուանքն է, որ մեզ կը խանդավառէ, որովհետեւ ա՛ն է, որ մեր հողին ապահովութիւնը կ՛երաշխաւորէ:
Ուստի, ի սրտէ բարի մաղթանք՝ մեր բանակին ու անոր մեծ ու փոքր բոլոր զինեալ նուիրեալներուն:
Արդ, քառորդ դարու ձեր տարեդարձը շնորհաւո՛ր՝ հայկական հզօր եւ քաջարի բանակ ու բանակայիններ: