ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Այս օրերուն, երբ Հրանդ Տինքի ընկերները կը պատրաստուին ոգեկոչելու Տինքը՝ սպանութեան 10րդ տարելիցին առթիւ, սպանութեան դատավարութիւնը տակաւին կը շարունակուի։
Յունուար 16ին սկսաւ Տինքի սպանութեան դատավարութեան նոր նիստ մը։ Մամուլը արձագանգ հանդիսացաւ այդ շրջանի ոստիկանութեան լրաքաղութեան բաժինի նախագահ Ալի Ֆուատ Եըլմազերի ինքնապաշտպանութեան։
Եըլմազեր ըսաւ, որ այս սպանդին ճամբայ տրուեցաւ դիտումնաւոր կերպով. Հրանդ այս սպանդին զոհը եղաւ, իսկ պետութիւնը իր պարտականութիւնը չկատարեց. այս սպանութեան ետին քաղաքական մակարդակով կազմակերպութիւն մը կար եւ ամէնէն կարեւորը՝ պետութիւնը ոչինչ ըրաւ՝ Հրանդ Տինքի պաշտպանութեան համար։
«Եթէ Հրանդ Տինքի համար պաշտպանութեան ոստիկան նշանակուէր, ան չէր սպաննուեր։ Տրապիզոնի մէջ անհրաժեշտ քայլեր չառնուեցան, որպէսզի արգելք հանդիսանան սպանդին», ըսաւ ան։
Այս առթիւ դիտել տրուեցաւ գրող Օրհան Փամուքի պարագան։ Ըսուեցաւ, որ հակառակ անոր որ Փամուք մահուան լուրջ սպառնալիք չէր ստացած ու պաշտպանութեան ոստիկան չէր ուզած, պետութիւնը պաշտպան ոստիկան նշանակեց իրեն համար։ «Ինչո՞ւ նոյնը չեղաւ Հրանդ Տինքի համար, որ աւելի՛ լուրջ վտանգի տակ էր», հարց տուաւ Եըլմազեր։
Նշենք, որ Հրանդ Տինքի ընկերները նիստին առիթով անգամ մը եւս ցոյց կազմակերպած էին դատարանին առջեւ։