ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այս Կիրակի, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցը Դաշնակցութեան Օր պիտի տօնէ, եւ իբրեւ բնական որոշում՝ ձեռնարկը նուիրուած է Արցախի անկախութեան քսանհինգամեակին:
Դաշնակցութիւնը՝ ընդհանրապէս, հետեւաբար նաեւ այս շրջանի կազմակերպութիւնը, առանցքային ներդրում ունեցած է Արցախի ազատագրական պայքարին ու յաջորդող քսանհինգամեակին:
Այս ներդրումին մասին է որ Կիրակի օր, հանրութիւնը հանգամանալի հաշուետուութիւն պիտի լսէ: Այս ներդրումին մասին վկայութիւն պիտի բերէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի ղեկավարներէն՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի դաշնակցական խմբակցութեան նախագահ, ազատամարտիկ, մտաւորական Արմէն Սարգսեանը:
Արցախի ազատագրական պայքարի յաղթական աւարտը հոգեփոխեց մեր ազգը՝ մեր ժողովուրդին ներարկելով ինքնավստահութիւն ու պատմական անարդարութիւնները ընդունելու ճակատագրապաշտութենէն ձերբազատուելու վճռականութիւն:
Շրջանիս հանրութիւնը սիրով հրաւիրուած է յաղթանակի ոգին միասնաբար փառաւորելու այս Կիրակի օր՝ դաշնակցական բեմէն:
Ձեռնարկը կազմակերպողները, անցեալի փորձառութիւնները նկատի ունենալով, ամէն ինչ ծրագրած են՝ դիւրացնելու համար Կլենտէյլ Հայ Սքուլի սրահ հասնիլը: Դպրոցի կողքի կանգառէն բացի, կազմակերպիչ յանձնախումբը քաղաքապետարանին հետ համաձայնելով՝ ապահոված է նաեւ մօտակայ մէկ այլ կանգառի օգտագործման իրաւունքը: Դպրոցին մօտեցող մեքենաներուն պիտի տրուի կայանատեղի հասնելու ուղղութիւնը: Քիչ մը հեռու գտնուող այս կայանատեղիէն հանդիսասրահ տանող հանրակառքեր եւս պիտի ըլլան:
Գեղարուեստական յայտագիրով ճոխացած այս հաշուետու ձեռնարկին ձեր ներկայութիւնը զօրակցութեան արտայայտութի՛ւն է Արցախի Հանրապետութեան ու անոր ծառայելու, զայն հզօր ու բարգաւաճ տեսնելու գաղափարին: