ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայկական ազգային կինօակադեմիա»ի նախաձեռնած ազգային արտադրութեան ժապաւէններու մրցանակաբաշխութիւնը աւանդական պիտի դառնայ:
Դեկտեմբեր 28ին Հանրային հեռուստաընկերութեան տաղաւարներէն մէկուն մէջ կայացաւ «Հայկական ազգային կինօակադեմիա»ի նախաձեռնած ազգային արտադրութեան ժապաւէններու «Անահիտ» առաջին մրցանակաբաշխութիւնը, որուն քուէարկութիւնը կը կատարուի բաց սկզբունքով, ուստի կը հրապարակուի, թէ ո՛վ՝ որ ժապաւէնին քուէարկած է։
«Կինօակադեմիա»ի գլխաւոր քարտուղար Րաֆֆի Մովսիսեան տեղեկացուցած է, որ մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու համար ներկայացուած են 45 դիմումներ՝ 11 բաժանմունքներու համար: 35 անդամներու առաջին քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք տարբեր անուանակարգերու մէջ առաջադրուած է 14 ժապաւէն:
Յարութիւն Խաչատրեանի «Փակուղի» ժապաւէնը ստացած է երեք «Անահիտ»՝ լաւագոյն բեմադրիչ, լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն եւ լաւագոյն բեմագիր (Միքայէլ Ստամբոլցեան, Յարութիւն Խաչատրեան): Յ. Խաչատրեան իր մրցանակներէն մէկը անակնկալօրէն շնորհած է «Բարի Լոյս» ժապաւէնի բեմադրիչ Աննա Արեւշատեանին՝ հիմնաւորելով, որ մրցանակաբաշխութիւնը չունէր «լաւագոյն դեբիւտ անուանակարգը»:
Լաւագոյն յօրինող դասակարգին մէջ «Անահիտ» մրցանակը բաժին հասած է Վահագն Հայրապետեանին («Բարի Լոյս»), 8 բաժանմունքներու համար առաջադրուած Մհեր Մկրտչեանի «Կեանք Ու Կռիւը»ը յաղթած է քանի մը դասակարգի մէջ՝ լաւագոյն խաղարկային ժապաւէն, լաւագոյն նկարիչ (Վահագն Տէր-Յակոբեան) լաւագոյն դերասան (Սամուէլ Թադեւոսեան): Լաւագոյն կարճատեւ ժապաւէնը Էդգար Բաղդասարեանի «Սիմոնի Ճամբան» ժապաւէնինն էր, լաւագոյն գծանկարչական ժապաւէնը՝ Արմինէ Յարութիւնեանի «Մշոյ Գեղենը», լաւագոյն դերասանուհին Եանա Տրուզն էր, (բեմադրիչ Դաւիթ Սաֆարեան, «28:94 Տեղական Ժամանակ»), իսկ լաւագոյն ժապաւէնի նկարիչները՝ Միքայէլ Անտոնեանն ու Վարդան Սեդրակեանը («28:94 Տեղական Ժամանակ»):