Հանգուցեալ Աւետիս Կարապետ Մէշէֆէճեանի մահուան քառասունքին առիթով (մահացած՝ Գանատա), հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, Յունուար 8, 2017ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave., յաւարտ Ս. Պատարագի։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Անժէլ Մէշէֆէճեան (Գանատա)
Դուստրը՝ Կարօ եւ Սիլվա Տէր Յովհաննէսեան եւ զաւակները՝ ընտանեօք (Ֆրանսա)
Դուստրը՝ Հրայր եւ Լուսաբ Սգայեան եւ զաւակները՝ ընտանեօք (Լիբանան)
Զաւակը՝ Կարպիս եւ Անի Մէշէֆէճեան եւ զաւակները
(Գանատա)
Դուստրը՝ Րաֆֆի եւ Շուշիկ Աւագեան
եւ զաւակները
Եւ համայն Մէշէֆէճեան, Տէր Յովհաննէսեան, Սգայեան,
Անտոնեան, Աւագեան, Ֆովարք, Կարօ, Խալոյեան, Պօտէ, Ռիյահի, Արսլանեան, Թանաշեան, Սիմեան, Էլէյճեան, Տէմիրճեան,
Կէօվշէնեան, Գազանճեան, Ասատուրեան, Զարիկեան, Գասապեան, Մատէն, Թօփճեան, Անտոնեան, Տէյիրմէնճեան, Ալեքսանեան,
Տէրտէրեան, Թումանի, Թէճիրեան եւ Թիւթիւնճեան ընտանիքներն ու հարազատները
———————————————————————-
ՄԱՀԱԽՕՍԱԿԱՆ
Մեր Մէջ Կերտեցիր Հայ Մարդը
«Մահուան քաշած նետին հանդէպ, ամէ՛ն վահան անօգուտ է,
Արծաթի եւ ոսկուն տուած՝ շքեղութիւնն անօգո՛ւտ է,
Կեանք ու աշխարհ, քանի խորունկ ես քննեցի՝ հասկցայ թէ՝
Բարի գործէն զատ ամէն բան, աշխարհիս մէջ անօգուտ է»։
Հօրս նախասիրած քառեակներէն մին՝ որ մինչեւ իր մահուան նախօրեակը, ան շարունակեց արտասանել իր փափուկ ու տկար շուրթերով։
Իմ բարի հայր, Օմար Խայեամի այս խօսքերուն ներշնչումով մենք՝ քու զաւակները, կը հաստատենք, որ բարի գործերովդ դուն ապրեցար եւ պիտի՛ ապրիս քու փառքով ու պարծանքով։ Տասնհինգ տարեկան պատանի հասակէդ մինչեւ մահուանդ անկողինը եղար բարի ու նուիրեալ զաւակ, եղբայր, մեծ հայր, ազգական ու բարեկամ։ Մեր մօր՝ Անժէլին հետ անհուն բարութեամբ ու նուիրումով, կարելիդ եւ անկարելիդ ըրիր քու զաւակներուն տալու մի՛շտ լաւագոյնը, գեղեցիկը, կատարեալը։ Մենք միշտ երախտապարտ ենք ու հպարտ քու հայրական, հայրենասիրական, մարդկային ու նուիրական առաքինութեան համար։
Շքեղութեան ու շռայլութեան մէջ չապրեցար։ Արդար քրտինքով ու ժրաջան աշխատանքովդ՝ քաջաբար ու կորովի ոգիով ոտնակոխեցիր կեանքի բազմազան դժուարութիւններ եւ յաղթական շարունակեցիր երթդ։
Բարի հայրս, բարի գործերովդ լուսաւորեցիր մեր՝ զաւակներուդ ճանապարհը եւ առաջնորդեցիր մեզ քու տիպար օրինակով։ Հիմա երկինքի վրայ դուն՝ որպէս նոր փայլուն աստղ, կը շարունակես առաջնորդել մեզ եւ կը հսկես քու հրեշտակային առաքելութեամբ։
Բազմատաղանդ հայրս. Աստուծոյ շնորհքներով օժտուած՝ սակայն միշտ համեստ ու խոնարհ, գրականութեան եւ արուեստի սիրահար, գիտական եւ արհեստի մարզերուն մէջ բանիմաց։ Առհասարակ զանազան մարզերու մէջ լաւատեղեակ ու գործնական։ Դալար ձայնովդ մեկնաբանած հայրենասիրական երգերդ ու նուագներդ միշտ պիտի հնչեն մեր ականջներուն մէջ։ Քու արտասանած քերթուածները, ընթերցած հատուածները, ինչպէս նաեւ քու գրութիւնները մշտական ներշնչման աղբիւր են մեզի համար։ Իսկ քու ձեռային ստեղծագործութիւնները եւ շինարար գործերը յաւերժական դրոշմ ձգած են մեզմէ իւրաքանչիւրին տան մէջ։
Վարձքդ կատար, սիրելի հայր։ Յիշատակդ անմար։
Հայասէր ու հայրենասէր հայրս։ Կեանքիդ ամենամեծ երազներէն մին՝ մայր հայրենիք այցելութիւնդ իրականացուցիր սրտի մեծ գոհունակութեամբ։ Նոր կեանք ու նորանոր յոյսեր պարգեւատրեց քեզի մայր հայրենիքի օդն ու ջուրը։ Տարիներ երազեցիր ու ըսիր. «Մեռնելէս առաջ թէկուզ մէկ անգամ կը փափաքիմ Հայաստան այցելել»։ Այցելեցիր եւ ըմբոշխնեցիր մայր հայրենիք շրջապտոյտդ։
Նուագեցիր ու երգեցիր հայ երգերը։ Խօսեցար հայերէն, ապրեցար հայ եւ մեզ սնուցիր որպէս հայ։ Քու տիպար հայու ոգիով ներթափանցեցիր մեր հոգիներէն ներս եւ մեր մէջ կերտեցիր հայ մարդը։
Մեզի շատ սիրող ու պաշտող հայրս, անհուն սիրով ու կարօտով, մեզ գուրգուրացող բարի հոգիով իմ սիրասուն հայրս, երախտապարտ ենք մենք, շնորհակալ ենք մենք եւ կը խոնարհինք քու բարութեան, առաքինութեան, նուիրումին եւ անհուն սիրոյ դիմաց։
Արդ, հանգչիր, հանգստացիր քու յաւերժական քնով եւ մեզ հսկէ՛ եւ ուղղէ՛ հրեշտակային առաքելութեամբդ։
Յիշատակդ անթառամ, բարի գործերովդ յաւերժացող, անմար ու անմեռ հոգիովդ մեր թանկագին ու սիրասուն հայր։
ՇՈՒՇԻԿ ՄԷՇԷՖԷՃԵԱՆ-ԱՒԱԳԵԱՆ
5 Դեկտեմբեր 2016
Գանատա