Մահուան բօթը կայծակի արագութեամբ հասաւ Միացեալ Նահանգներէն, Քալիֆորնիայէն, որուն Միշըն Վիէխօ քաղաքին մէջ, 19 Նոյեմբերին կը շիջէր Զօհրապ Շամմասեան՝ ֆիզիքապէս բաժնուելով իր սիրելի հարազատներէն եւ մելգոնեանցի քոյրերէն ու եղբայրներէն: Զօհրապ Շամմասեան երկար տարիներ եղաւ Մելգոնեան սանուց միութեան տեղւոյն մասնաճիւղերու ատենապետը՝ կոչուելով աւագ ու պատուակալ ատենապետ, եւ մելգոնեանցիներու աւագ եղբայրը: Ան Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան 1950-1951 կրթական-ուսումնական տարեշրջանի՝ առեւտրական բաժինի փայլուն շրջանաւարտներէն էր:
Զօհրապ Շամմասեան շիջեցաւ՝ Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան վերաբացման արդար դատին ի խնդիր իր պայքարին մէջ ֆիզիքապէս թերեւս պարտասած: Շիջեցաւ՝ բարեյոյս ժպիտը դէմքին, իբրեւ Համաշխարհային Մելգոնեան սանուց միութեան համակարգող, մերժելո՛վ, չհաւատալո՛վ, որ հայ սերունդներու դաստիարակութեան կրթանուէր իր ծառայութիւնը ոմանց կամ շատերու կողմէ կը դիտուի որպէս »ջրաղաց ծեծելու« գործունէութիւն, եւ պարտասիլ ու յուսալքուիլ մերժող իր յաջորդական նամակներով ի զո՜ւր դիմելով Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան վերաբացման ճակատագիրը ի-րենց »ափերուն մէջ« առած պատասխանատուներուն…:
Զոհրապ Շամմասեանի մահով, աշխարհացրիւ մելգոնեանցիները՝ յատկապէս, եւ սփիւռքահայութիւնը՝ ընդհանրապէս, կը կորսցնեն ազնուական եւ արեւմտահայերէնի պահպանման համար պայքարող հաւատաւոր հայորդի մը, հայրենասէր ու կրթանուէր գործիչ մը, համամարդկային արժէքները վեր առնող ՄԱ՛ՐԴ մը, անբասիր հա՛յ մը մանաւանդ, որուն մեծ վաստակին առջեւ կը խոնարհինք երկա՜ր ու երկա՜ր մտորումներով…: Իր մահուան յաջորդող քանի մը օրերուն, եւ ցնցումին պատճառած անմիջական տպաւորութեան տակ՝ մխիթարական բառեր չենք գտներ:
«Ծաղիկ»ը խորապէս կը ցաւակցի հանգուցեալի յատկապէս վշտահար այրիին՝ Անահիտին, եւ ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ »Մելգոնեան«ի ոգին վառ պահող մեծ ընտանիքին: Խունկ ու աղօթք իր անմեռ հոգիին: Իր յիշատակը պիտի մնայ վառ ու պայծառ:
Հանգի՛ստ՝ իր յոգնատանջ աճիւններուն:
ԱՍՊԵՏ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ
«Ծաղիկ» Գրական Ազգային Շաբաթաթերթ, Պէյրութ