ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏՈՄԱՐ
Հայկական քաղաքակրթութեան լաւագոյն արտայայտութիւններէն մէկը խտացած է հայկական տոմարին մէջ:
Հին աշխարհի աստղագիտութեան եւ տոմարագիտութեան օրրաններէն մէկը եղած է Հայաստան:
Մինչեւ հայկական օրացոյցին որդեգրումը, հայերը օգտագործած էին լուսնային, այնուհետեւ՝ լուսնա-արեգակնային օրացոյցները, որոնք կը գործածուէին Ն.Ք. առաջին հազարամեակէն սկսեալ: Այս կը նշանակէ, որ օրացոյցն ու տոմարը հայ ժողովուրդի մօտ արմատներ ունէին հինէն ի վեր:
Ըստ հայկական օրացոյցին՝ տարին բաժնուած է 12 ամիսներու, իւրաքանչիւրը՝ 30 օր, իսկ 13րդ լրացուցիչ ամիսը՝ 5 օր:
Հայկական տոմարի առաջին ամիսն է Նաւասարդը, որ կը համապատասխանէ Յուլեան տոմարի Յունուարին: Նաւասարդ բառը կազմուած է նաւա (նոր) եւ սարդ (տարի) բառերէն եւ կը նշանակէ Նոր Տարի, Ամանոր:
Հայոց տոմարին մէջ Նաւասարդը կ՛երկարի 11 Օգոստոսէն մինչեւ 9 Սեպտեմբեր: Աւանդութեան համաձայն՝ Նաւասարդը Հայկ նահապետի դուստրերէն մէկուն անունն էր, որով Հայկ ուզած է կոչել տարուան առաջին ամիսը:
Նաւասարդեան տօները ուրախութեան եւ ցնծութեան խորհրդանիշ էին: Անոնք կը յատկանշուէին երգերով, պարերով, թատերական ներկայացումներով, մարզական խաղերով եւ մրցումներով:
Նաեւ կ՛ըսուի, որ Հայկ նահապետ Բէլը տապալած է այս ամսուան ընթացքին, եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը այդպիսով սկսած է: Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումէն ետք, նաւասարդեան տօները, իբրեւ հեթանոսական, դուրս դրուեցան օրացոյցէն: Տօնը ինքնին կը նշուէր Նոյեմբերին, որովհետեւ այն ատեն կ՛աւարտէին երկրագործական աշխատանքները, եւ հայերը բերքահաւաք կը կատարէին:
ՀԱՒԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴՈՅԹՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Չինական եւ կամ արեւելեան օրացոյցին համաձայն՝ 2017 թուականը աքաղաղի տարին է, որ կը սկսի 28 Յունուարին:
Հիմնուելով պատմական եւ աւանդական տուեալներու վրայ, աքաղաղն ու հաւը կարեւոր դերեր ունեցած են կամ խաղցած հայկական հաւատալիքներուն մէջ:
Այսպէս, սկսելով հաւէն պէտք է ըսել, թէ անիկա նկատուած է իբրեւ չարխափան կենդանի կամ թռչուն:
Ժամանակին, Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ սեւ հաւը կը մորթէին եւ զայն կը թաղէին տուներու դրան շեմին, որպէսզի «չար ուժերը» ներս չմտնէին: Նոյնիսկ հիւանդութիւններ բուժելու համար, կախարդ «բժշկուհին» հիւանդէն սեւ հաւ կը պահանջէր, զայն կը մորթէր եւ անոր արիւնով անոր ոսկոսներուն վրայ աղօթքներ կը գրէր, որպէսզի հիւանդը շուտով առողջանայ։
Իսկ եթէ հիւանդը փոքր երեխայ էր, նոյն կախարդները 7 հաւերէ մէկական փետուրներ կը փրցնէին եւ զանոնք 7 զանազան գոյներով թելերու կապելով հիւանդ երեխան գրկելով կը բարձրանային տան կտուրը ու մոգական գործողութիւններ կատարելով, հրամայական բանաձեւեր արտասանելով կը բուժէին զայն:
ԱՔԼՈՐԸ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴՈՅԹՆԵՐՈՒՆ ՄԷæ
Հին հայկական աւանդութիւններուն մէջ յատկանշական էր նաեւ աքաղաղի բաժինը: Այսպէս, հարսանեկան ծիսակատարութեան, պտղաբերութեան, աշխոյժ ոգիի եւ աճման խորհրդանիշ եղող աքաղաղի ներկայութիւնը անհրաժեշտ տարրերէն մէկն էր: Մեր ժողովուրդի հաւտալիքներուն մէջ աքաղաղը կը ներկայանար իբրեւ չար ոգիները հեռացնող եւ շատ մը հիւանդութիւններ կանխարգիլող թռչուն: Այս հիման վրայ, շատեր նոյնիսկ սեւ աքլոր կը պահէին իրենց շրջափակէն ներս, որպէսզի զիրենք չար ոգիներէն փրկեր:
Նաեւ աքաղաղը կը համարուէր իմաստուն թռչուն մը, որովհետեւ կը լսէր երկինքի զանգերուն առաջին զարկը եւ թեւերը թափահարելով ձայն կու տար: Նոյնիսկ կը կարծէին, որ աքաղաղն էր, որ երկինքին ձայն կու տար, որ օրը բանար եւ արեւածագ ըլլար: Յամենայն դէպս, աքաղաղի առաւօտեան կանչը արեգակը երկինք կը բերէ եւ նաեւ կ՛աւետէ նոր բացուող օրուան գալուստը:
Այս ձեւով, իրենց մօտ աքաղաղը լոյսի եւ արեւու խորհրդանիշը դարձած էր:
Եւ ասկէ մեկնած, աքաղաղին տրուած էր նաեւ վերածնունդի խորհրդանիշի վերագրումն ալ:
Համաձայն առաջին դարերու Սուրբ գիրքի բովանդակութեան, Քրիստոս յարութիւն առած էր աքաղաղի առաջին կանչէն ետք: Այս ձեւով է, որ քրիստոնէական պատկերացումին մէջ աքաղաղը դարձած էր նաեւ յարութեան խորհրդանիշ:
Ըստ մեր աւանդութեան եւ նախկին սովորութիւններուն՝ եթէ աքաղաղը գիշերը կանչեր, պէտք էր անմիջապէս խաչակնքել երեսը եւ ըսել «օրհնեալ է Աստուած»:
Աքաղաղին նաեւ գուշակողի դեր վերագրուած էր: Բայց ինչ հաւատք ալ ունենաք, թող աքաղաղի այս 2017 տարին, միայն բարին աւետէ մեր բոլորին, սփիւռքներէն մինչեւ մեր հայրենիքի մէջ ապրող հայ ժողովուրդին: