ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ, գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի եւ Իտալիոյ շարք մը քաղաքներու մէջ տեղի ունեցող Ամետի (Տիգրանակերտ) շարժապատկերի փառատօնի ծիրէն ներս ցուցադրուած են նաեւ հայկական նիւթերով ֆիլմեր:
Թրքական «Evrensel.net» լրատուական կայքը կը տեղեկացնէ, թէ այդ ֆիլմերու շարքին են բեմադրիչ Այշէ Փոլատի վաւերագրական ֆիլմը, որ նկարահանուած է Վանի մէջ:
«Քիւրտերու, թուրքերու եւ հայերու մշակութային խորհրդանիշը հանդիսացող եւ կատուներով յայտնի Վանը, որ այսօր քրտական նահանգ մըն է, մինչեւ 1915, այսինքն՝ տեղահանութենէն ու կոտորածներէն առաջ, հայերու պատմական հայրենիքն էր: Այսօր, հոս մնացած են միայն կիսաւեր եկեղեցիներ եւ շատ փոքրաթիւ հայ վանեցիներ, որոնց մեծ մասը նոյնիսկ կը խուսափի իր հայ ըլլալուն մասին խոստովանելէն», կ՛ըսուի նշեալ ֆիլմի բացատրականին մէջ։
«Օտարները» ֆիլմը եւս կը ներկայացնէ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ՝ բանաւոր կերպով իրարու փոխանցուող պատմութիւններ: «Ֆիլմը հանդիսատեսը կը տանի պատմական ողբերգութեան հետքերուն քով եւ ցոյց կու տայ, որ անցեալը երբե՛ք չի մահանար», կը գրէ կայքը:
Բեմադրիչ Էքրեմ Հայտոյի «Դրախտս» ֆիլմը նկարահանուած է արեւմտեան Քիւրտիստանի (Ռոժավա) եւ Հայաստանի մէջ: Ֆիլմը կը պատմէ Ռաս ուլ Այն քաղաքի բազմազգ բնակչութեան եւ հայ երիտասարդ Արային մասին: Ֆիլմին մէջ շօշափուող գլխաւոր թեման ընկերութիւնը, հայրենիքի որոնումներն ու ազգամիջեան հակամարտութիւններն են: Մանկութեան տարիներուն, Արան ունցած է քիւրտ, արաբ, չեչեն եւ եզիտի դասընկերներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր ճամբայ բռնած է. մանկութեան ընկերները յաճախ յայտնուած են հակադիր ճակատներու վրայ ու դարձած թշնամիներ: Ազգամիջեան բախումներուն պատճառով, Արա հարկադրաբար գաղթած է, ճիշդ այնպէս, ինչպէս իր մեծ հայրը 100 տարի առաջ ստիպուած եղած էր գաղթելու Տիգրանակերտէն: