ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ազատութիւն».– Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ եւս Հայաստանի ներկայացուցիչը ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին վրայ չհաստատուեցաւ: Ան աւելցուցած է, որ ռազմաքաղաքական դաշինքի ընդհանուր քարտուղարի փոփոխութեան հարցը պիտի դիտարկուի յառաջիկայ Ապրիլին՝ կազմակերպութեան յաջորդ գագաթնաժողովին։
«Պայմանաւորուած ենք, որ Ապրիլին տեղի ունենայ Հաւաքական անվտանգութեան հերթական նիստը, ուր ամբողջական կերպով պիտի դիտարկուի գլխաւոր քարտուղարի հարցը: Այսօր հարցը չէ քննարկուած, քանի որ ներկաներու անհրաժեշտ մեծամասնութիւն չկար: Դուք գիտէք, որ կազմակերպութեան անդամ երկիրներէն մէկուն պատուիրակութիւնը այս աշխատանքային հանդիպումներուն չէր մասնակցեր», Պորտիւժայի խօսքերը մէջբերած է ռուսական «Ռիա-Նովոսթի» գործակալութիւնը:
Հայաստանի ներկայացուցիչը կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար չընտրելու հարցը իր մեկնաբանութիւններն ու արձագանգները գտած է Հայաստանի մէջ։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը այս մէկը կը բացատրէ Պելոռուսի նախագահին բացակայութեամբ, որուն պատճառով անհրաժեշտ մեծամասնութիւն չէ գոյացած։ Այս մասին գրած է լրագրող Ազա Բաբայեան։
Լրագրողը կը նշէ, որ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ ինչ-ինչ պատճառներով Հայաստանի տէ ժիւրէ ռազմաքաղաքական դաշնակիցներ Պելոռուսը, Ղազախստանը, Ղրղըզիստանը, Տաճիկիստանը եւ Ռուսիան կը հրաժարին ՀԱՊԿի գործադիր մարմնի ղեկավարի պաշտօնը Հայաստանի ներկայացուցիչին յանձնելէ: Մինչդեռ, հերթական կարգով այս պաշտօնին համար անդամ երկիրներու ներկայացուցիչները ընտրելու որոշում տրուած էր տարի մը առաջ՝ նախորդ Դեկտեմբերին:
Նախորդ տարի ՀԱՊԿի Մոսկուայի մէջ կայացած գագաթնաժողովին որոշում տրուեցաւ մէկ տարիով երկարաձգել ներկայ քարտուղարին լիազօրութիւնները, եւ նոր քարտուղարի հարցին անդրադառնալ Հոկտեմբերին: Հոկտեմբերին կայացած երեւանեան գագաթնաժողովին դարձեալ ընդհանուր քարտուղար չնշանակուեցաւ, այս անգամ արդէն Ղազախստանի նախագահի բացակայութեան պատճառով, եւ որոշուեցաւ հարցին քննարկումը յետաձգել մինչեւ Դեկտեմբեր:
Ռուսական մամուլը անդրադարձած է նախօրէին կայացած Եւրասիական միութեան խորհուրդի նիստին եւ ՀԱՊԿի գագաթնաժողովին՝ արձանագրելով, որ Հայստանի ներակայացուցիչը «այս անգամ ալ չյաջողեցաւ» դառնալ ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար: Լուքաշենքոյի բացակայութիւնն ալ ռուսական լրատուամիջոցները նախ եւ առաջ կը բացատրեն առեւտուրի եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ Մոսկուայի ու Մինսկի միջեւ եղած լուրջ տարակարծութիւններով:
Լուքաշենքոյի բացակայութեան եւս անդրադարձած է Ռուսիոյ նախագահական բանբեր Տմիթրի Փեսքով՝ նշելով, թէ Պելոռուսի նախագահին ներկայ չգտնուելը չի խանգարեր ԵՏԽի նիստի աշխատանքները, եւ բոլոր նախագահները պիտի ստորագրեն նախօրօք համադրուած փաստաթուղթերը: Զանոնք պիտի ուղարկուին նաեւ Մինսկ, որպէսզի «ստորագրէ նաեւ Ալքսանտր Լուքաշենքօն»:
Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձ-նաժողովի անդամ, հանրապետական Սամուէլ Ֆարմանեանի համաձայն՝ Հայաստանի մէջ պէտք է յստակ գիտակցին, որ ՀԱՊԿին Հայաստանի անդամակցութիւն ընդամէնը հայ-ռուսական ռազմաքաղաքական յարաբերութիւններու շարունակութիւնն է: Ուստի պէտք չէ մեծ յոյսեր կապել այդ կազմակերպութեան: ՀԱՊԿի նոր քարտուղարի նշանակման հարցին մասին ան ըսած է. «ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղարի նշանակումը, ինչպէս գիտէք, տեղի է ունենում կոնսենսուսով: Այսինքն՝ բոլոր երկրների ղեկավարները պէտք է ներկայ լինեն եւ համաձայնուեն: Հիմա դուք վիճարկում էք հարցը եւ շատ ճիշդ էք անում՝ ինչպէ՞ս ստացուեց, որ մի դէպքում Նազարբաեւը չժամանեց Երեւան, երկրորդ դէպքում Լուկաշենկօն չժամանեց Սանկտ Պետերբուրգ, երրորդ դէպքում, ասենք, չգիտեմ ինչ կարող է լինել:
Խնդիր կա՞յ, այո՛, կայ: Բայց էդ խնդրի գոյութեան հետ զուգահեռ որեւէ պետութեան ղեկավար հրապարակայնօրէն բարձրաձայնե՞լ է ռոտացիոն նշանակման աննպատակայարմարութիւնը, ո՛»չ, մատնանշած է իշխող Հանրապետական խմբակցութեան անդամը: