ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Պոլսոյ հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան կը տեղեկացնէ, թէ դատական հետապնդում պահանջած է իշխող Արդարութիւն ու բարգաւաճում կուսակցութեան Չանաքքալէի (Կալիփոլի) երեսփոխան ու երեսփոխանական խմբակի փոխնախագահ Պիւլենտ Թուրանի դէմ, որովհետեւ վերջինս թշնամական արարքներու թիրախ դարձուցած է Փայլանը։
Փայլան կը տեղեկացնէ, որ ինք վերջերս քննադատած էր Դեկտեմբեր 12ին իր կուսակցութեան Պոլսոյ վարչական շէնքին վրայ կատարուած յարձակումը եւ այս նիւթին շուրջ լուսանկար մը հրատարակած էր համացանցի վրայ։ Այս պախարակումին իբրեւ հակադարձութիւն՝ երեսփոխան Թուրան հրատարակած է լուսանկար մը, որուն մէջ կան Փայլանը եւ 16 տարեկան աղջնակ մը։ Թուրան այս կերպով ազգայնամոլներուն ցոյց տուած է Փայլանն ու աղջնակը՝ իբրեւ թիրախ։
Արդարեւ, այդ հրատարակումէն ետք, Կարօ Փայլան ստացած է նախատական ու սպառնական բազմաթիւ նամակներ։ Այս պատճառով ալ, Փայլան, իր փաստաբանին միջոցաւ, դատական հետապնդում պահանջած է երեսփոխան Թուրանի դէմ։